2009-03-19 13:32:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա

Նորին Սրբութիւնը Ափրիկէի քահանաներէն կը խնդրէ որ հաւատարիմ մնան իրենց ուխտին։


Չորեքշաբթի 18 Մարտ 2009-ի յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը եահունտէի ՜՜Թագուհի առաքելոց՝՝ անուան տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ՝ մայրաքաղաքի կղերին ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան հայրը քահանաներէն խնդրեց որ հաւատարիմ մնան Աստուծոյ առջեւ իրենց կատարած ուխտին, նաեւ խնդրեց ՜՜որ հետեւին Ս. Յովսէփ Աստուածահօր օրինակին, որուն տօնը եկեղեցին կը յիշատակէ մարտ 19ին՝՝։

Սրբազան Հայրը Շնորհակալութիւն յայտնելով քահանաներուն որոնք մեծ նուիրումով ու վեհանձնութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին մօտ, խնդրեց որ իրենց սրտերը չխռովին ի տես դժուարութիւններուն։ Նուիրեալ հոգին նմանութիւն մըն է Քրիստոսի, հետեւաբար եկեղեցականին ապրելակերպը թող համապատասխանէ ձեր ուխտին։ Յայտնենք թէ երեկոյեան ժամասացութեան ներկայ էին երկրին հանրապետութեան նախագահը եւ անոր կողակիցը։

Առաւօտուն հանդիպում ունենալով Գամերունի եպիսկոպոսներուն հետ, Նորին Սրբութիւնը անոնցմէ խնդրեց որ լաւ պատրաստեն քահանայութեան թեկնածուները եւ զգուշացուց զանոնք ցեղային նախընտրութիւններէն։ Եկեղեցին յարեց Սրբազան Հայրը, Աստուծոյ ճշմարիտ ընտանիքն է։ Ամէնքս կանչուած ենք ճանչցնելու Յիսուսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն։ Յայտնենք թէ Գամերունի եկեղեցին ունի 30 եպիսկոպոս, 1. 360 աւագ ժառանգաւորներ եւ 2.200 փոքր նորընծաներ։ Գամերունի եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներու մասին խօսելով Սրբազան Հայրը թուեց ընտանիքին իրավիճակը, աղանդներու ծաւալումը եւ կրօնական աւելորդապշտութիւնը։ Այս պատճառաւ Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներէն խնդրեց ոյժ տալ նոր սերունդի կազմաւորումին եւ մասնաւորապէս համալսարականներուն եւ մտաւորականներուն։

Իսկ այս առաւօտ նորին սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ իսլամ 22 կրօնապետերու հետ։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սրբազան Քահայանապետին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ առաքելական դեսպանատան մէջ սիրալիր եւ գորովալիր մթնոլորտին մէջ։ Մահմետականութիւնը գամերունի մէջ կը ներկայացնէ բնակչութեան 22 տոկոսը, մինչ կաթողիկէները 27 առ հարիւրը։

Ապա նորին սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ մատուցեց մայրաքաղաքի մարզադաշտին մէջ, ուր աւելի քան 60 հազար հոգի ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին։ Գամերունի նախագահը եւ իր ընտանիքը նաեւ ներկայ գտնուեցան Ս. Զոհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.