2009-03-19 13:53:35

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հ Հ վարչապետի աջակցութիւնը Վանաձորի Քիմիական Գործարանի Վերաբացման


Հ Հ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Չորեքշաբթի օրը այցելեց Վանաձոր-խիմպրոմ գործարանը, շրջեցաւ անոր տարբեր արտադրամասերը, ծանօթացաւ անցեալին քիմիական ոլորտի առաջատար այդ ձեռնարկութեան ներկայ վիճակին, վերագործարկման հնարաւորութիւններուն։ Այնուհետեւ, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարներուն, Լոռի մարզպետի եւ գործարանի գլխաւոր տնօրէնին մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան գործարանի վերագործարկման հետ կապուած հիմնախնդիրներն ու ռազմավարական ծրագիրները։ Այս խորհրդակցութենէն բխած է գործարանի պարարտանիւթերու արտադրութիւնը վերսկսելու որոշումը։



Վարդան Ջանգոզեան Պարգեւատրուած ԼՂՀ Նախագահին կողմէ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն Երախտագիտութիւն շքանշանով կը պարգեւատրուի Վարդան Ջանգոզեան՝ իր տարած բարեսիրական նշանակալի գործունէութեան համար, անոր ծննդեան 60ամեակին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.