2009-03-18 10:56:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա, աւելի զօրակցութիւն Ափրիկէի համար։ Գամերուն խճանկար ցեղերու եւ մշակոյթներու, ուր կաթողիկէները միշտատեւ աճումի մէջ են։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա, աւելի զօրակցութիւն Ափրիկէի համար։ Գամերուն խճանկար ցեղերու եւ մշակոյթներու, ուր կաթողիկէները միշտատեւ աճումի մէջ են։



Գամերունի հանրապետութեան նախագահը տիար Բօլ Պիա իր բարի գալուստի ուղերձին մէջ թարգմանը հանդիսացաւ Գամերունի բոլոր բնակչութեան։ Գամերունի ժողովուրդը ձեզ կ՛ընդունի ուրախութեամբ ու խանդաղատանքով։ Ամէն գամերունցի կը դրսեւորէ իր գնահատանքը, իր հիացումը ու սէրը ձեր անձին հանդէպ եւ կը մեծարէ ձեր տածած աշխատանքը խիղճերը արթնցնելու եւ Աստուծոյ մօտեցնելու։ Արդարեւ ամէն հոսանքի պատկան գամերունցիները տեղաշարժի մէջ էին ողջունելու Հռոմի Պապը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը իր առաջին ճառին մէջ ի յայտ դրաւ Գամերունի ժողովուրդի պերճախօս ներդաշնակութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ափրիկեան ցամաքամասի վէրքերուն, ցաւերուն, խնդիրներուն ու շրջանային ընդհարումներու մասին եւ որոնց պատճառաւ ցամաքամսը կը տառապի ու անկարող կը դառնայ բարգաւաճելու։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը սրտայոյզ աղօթք մը արտասանեց որպէսզի Ափրիկէի Եկեղեցին շարունակէ աճիլ սատարելով հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ամրապնդումին։ Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ս. Պետրոսի յաջորդը որպէսզի հաւատքին մէջ հաստատեմ։ Դուք է երկրի այը, դուք էք աշխարհի լոյսը, իմ ներկայութիւնը ձեր մէջ ունի որպէս նպատակ վերանորգել առաքելութիւնը ու յոյս բերել Ափրիկէի ժողովուրդներու սրտերուն։

Չորեքշաբթի առաւօտ Սրբազան Հայրը պատարագ մատուցեց առաքելական դեսպանատան մէջ։ Ապա նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրի հանրապետութեան նախագահին հետ։ Քրիստոս հագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ գամերունի եպիսկոպոսներու հետ։ Կէսօրին առաքելական դեսպանատան մէջ Գամերունի եպիսկոպոսներու հետ ճաշեց։ Երեկոյեան թագուհի առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը ներկայութեամբ գամերունի կղերին ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ։



Գամերունի եկեղեցին նորածիլ եկեղեցի մըն է հազիւ հարիւր տարուայ կեանք ունի, սակայն զարմանլիօրէն աճում կ՛արձանագրէ շնորհիւ բազմաթիւ քարոզիչներու զոհողութեան ու նուիրումին եւ շնորհիւ աշխարհական դասի լաւ կազմաիորումին ու յանձնառումին, պատրաստ տարածելու Աւետարանը երկրի չորս ծագերուն։

Այս աշխատանքը բնաւ հեշտ չեղաւ քանի Գամերունի մէջ կը խօսուի 80 բարբառներ։ Եւ սակայն բազմաթիւ ցեղախումբերու եւ մշակոյթներու խճանկարին մէջ աճած է միատարր քրիստոնեայ հասարակութիւն մը, որ կրցաւ քիչ ժամանակուայ մէջ ծնունդ տալ կենսունակ եկեղեցւոյ մը` պատրաստ ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը։

Քահայանապետը Գամերուն հասաւ շարունակելու ճանապարհը իր նախորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին, որ 1995ին Եաունտէի մէջ, հռչակեցընդ ափրիկեան եպիսկոպոսական առաջին սիւնոդոսը։ Պենետիկտոս ԺԶ-ը Եաունտէ հասաւ Ափրիկէի եպիսկեպոսներուն յանձնելու ափրիկեան եպիսկոպոսական եկրորդ սիւնոդոսի թղթածրարը, որուն աշխատանքները յառաջիկայ հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Վատիկանի մէջ։

Եաունտէն այսպէսով դարձաւ խորհրդանիշը եւ դրոշը Հռոմի Եիսկոպոսի ափրիկեան ուսուցումին։

Գամերուն տանող օդանաւին մէջ Սրբազան հայրը լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ թէ ուրախութեամբ կ՛երթսայ Ափրիկէ հանդիպելու համար հաւատքով հարուստ ժողովուրդին հետ։

Խօսելով տեղական կաթողիկէ հասարակութեան մասին ան մատնանշեց թէ Ափրիկէի եկեղեցին շատ մօտ է իր ժողովուրդին, ներկայ է անոր բոլոր հաստատութիւններու մէջ, մօտ է հիւանդին եւ աղքատին։

Ապա դիտել տուաւ թէ Եկեղեցին կատարեալ ընկերութիւն մը չէ եւ այս պատճառաւ կոչ պիտի ընեմ եկեղեցւոյ բիւրեղացումին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ափրիկեցիներուն համար անկարելի է ապրիլ առանց Աստուծոյ։ Աւանդական կրօները հետեւողները սկսան ըմբռնել թէ քրիստոնեաներուն Աստուածը հեռաւոր Աստուած մը չէ այլ շատ մօտ է մարդուն եւ կեանք կու տայ զօրակցութեան մեծ ցանցի մը։

Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսակցութիւնը մամուլին հետ ըսաւ մեր կրօնքը յոյսի կրօնք է։ Ով որ քրիստոնեական հաւատք ունի յոյս ունի։ Ան անգամ մըեւս վերահաստատեց իր համոզումը ու վստահութիւնը միջկրօնական երկխօսութեան եւ խօսելով քրիստոնեայ իսլամ յարաբերութեան մասին երաշխաւորեց թէ երկու կրօներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը սկսած է զարգանալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.