2009-03-18 18:41:40

Նոր եւ Արդիական Մանկապարտէզի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը


Նոր եւ Արդիական Մանկապարտէզի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը։ԼԻԲԱՆԱՆ



70-ամեայ վարժարանի մը համար նոր մանկապարտէզ մը ունենալը Առաջին հերթին յոյս կը ներշնչէ բոլորին, որ 70-ամեակը թեւակոխած Մեսրոպեան Վարժարանը ոչ միայն տակաւին երիտասարդ է, այլ իր սահուն ընթացքին մէջ թերեւս լեցուն ընելիքներ ունի ոչ միայն Պուրճ Համուտ հայահոծ քաղաքին, այլ ողջ լիբանանահայութեան համար, մնալով միշտ պատնէշի վրայ, անվերապահօրէն ծառայելու համար հայութեան՝ հայապահպանումի եւ հայակերտումի իր առաքելութիւններուն ընդմէջէն։Վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստը իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի արդէն վաղեմի բարերարներ Իտալական Տի.Էմ.Էս Օնլուս բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Տէր եւ Տիկ. Փրոֆէսոր Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոներուն, որոնք հարազատօրէն զօրավիգ կը կանգնին Մեսրոպեան Վարժարանին։ Այդ վերաբերմունքի գագաթնակէտին հասնելով, անոնք այսօր եկած են հիմը դնելու արդիական մեր այս նոր մանկապարտէզին, որ երազ մըն էր անցեալին։ Այս ամոլը նման մանկապարտէզ ունենալու մասին առաջարկի մը իր երաշխաւորութիւնը տուած էր անցեալ տարի, իսկ այժմ անոնք կուգ ան իրենց խօսուն զօրակցութեամբ գործնականապէս իրականացնելու իրենց խոստումը՝ նաեւ իրենց ներկայութեամբ պատուելով մեզ (ընդգծեց Կրէկուար Գալուստ ) ապա իր խօսքը շարունակելով, պարոն տնօրէնը ըսաւ, որ այսօրուան մանկապարտէզը ունի 200աշակերտներ, իսկ կառուցուելիք նորը հնարաւորութիւն պիտի տայ այդ աշակերտութեան թիւը հասցնելու 350-ի։ Նոր մանկապարտէզը պիտի ընդունի մանուկը երբ տակաւին 3 ամսուայ է , զայն հասցնելով մինչեւ բարձրագոյն երկրորդական ուսման։

Պր. Կրէկուար Գալուստ իր խօսքի աւարտին մեծ յոյս յայտնեց, որ նոր մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները չեն ուշանար եւ մեր սիրասուն փոքրիկները շուտով կը վայելեն մեր մանկապարտէզը։ Հուսկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդէս եկաւ փակման խօսքով, ըսելով սա պէս. ՝՝Շատերուն համար կրնայ այս ծրագիրը թուիլ չափէն աւելի ծախսալից, սակայն երբ կը մտածենք, որ այս ծրագիրով մանկապարտէզը պիտի օժտուի բոլոր արդիական եւ գիտական միջոցներով, ինչ որ այսօր կը պահանջէ ներկայ աշխարհը, կը տեսնենք, որ այս ծրագիրը կարեւոր եւ անհրաժեշտ է. մանաւանդ երբ կայ համապատասխան պահանջք ։ Այնուհետեւ Հոգեւոր Տէրը շարունակելով իր խօսքը շեշտեց, որ դպրոցը ընդհանրապէս ունի առաքելութիւն՝ մտային ու հոգեւոր սնունդ տալու ապագայ սերունդներուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին՝ դառնալով ծնողներ, կարենան ճիշդ եւ պէտք եղած ձեւով կրթել ու դաստիարակել իրենց զաւակները, ուստի կը տեսնենք, որ այս ծրգագիրը ճոխութիւն ու ցուցամոլութիւն չէ,( բացատրեց Հոգեւոր Տէրը) եւ շարունակելով ըսաւ, որ ՝՝պէտք է զարկ տալ մեր վարժարաններու արդիականացման, քանի որ դպրոցի դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր է ապագայ սերունդը լաւագոյնս պատրաստելու համար։ Նկատի ունենալով, որ Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ՝ կաթողիկէ դպրոցներու շինութեան ու երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու դասիտարակութեան, ապա մենք ոչինչ պիտի խնայենք, եւ պիտի կառուցենք այս մանկապարտէզը՝՝։Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան մանկապարտէզի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Հիմնարկէքի ընթացքին մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանի աշակերտները իրենց ձեռամբ պատրաստուած ձեռային աշխատանքը՝ ՝՝նկարը՝՝ նուիրեցին բարերարներ Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոներուն, խնդրանքով, որ անոնք այդ նկարը տանին Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի դպրոցներու աշակերտութեան որպէս նուէր։  








All the contents on this site are copyrighted ©.