2009-03-17 14:00:29

Քրիստոնէականի ուսուցում Եկեղեցւոյ Խորհուրդները – Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը


Քրիստոնէականի ուսուցում Եկեղեցւոյ Խորհուրդները – Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը



271-Ի՞նչ է Ս Հաղորդութիւնը։

Ս Հաղորդութիւնը Տէր Յիսուսի Մարմնին եւ Արիւնին զոհակատարումն իսկ է։ Յիսուս զայն հաստատեց խաչի զոհը դարերու ընթացքին յաւերժացնելու համար մինչեւ իր վերադարձը։ Այս ընելով՝ Յիսուս իր մահուան եւ յարութեան յիշատակումը իր Եկեղեցիին յանձնեց։ Ս. Հաղորդութիւնը միութեան նշանը, սիրոյ զօդը, զատկական ընթրիքն է, որուն միջոցով Քրիստոսը կ՛ընդունինք, մեր հոգին շնորհքով կը լիանայ, հուսկ յաւիտենական կեանքի գրաւականը մեզի կը տրուի։



272-Քրիստոս Ս Հաղորդութիւնը ե՞րբ հաստատեց։

Զայն Աւագ Հինգշաբթի օրը հաստատեց, այն գիշերը երբ պիտի մատնուէր (1 Կոր 11, 23) մինչ Իր Առաքեալներուն հետ բազմած՝ Վերջին Ընթրիքը կը տօնակատարէր։



273-Զայն ինչպէ՞ս հաստատեց։

Իր Առաքեալները Վերնատան մէջ հաւաքելէ ետք, Յիսուս հացը ձեռքերուն մէջ առաւ, զայն բեկանեց եւ անոնց բաժնեց ըսելով Առէ՛ք կերէ՛ք, ասիկա ձեզի համար զոհուած մարմինս է։ Ապա գինիով լեցուն բաժակը առաւ եւ ըսաւ Խմեցէ՛ք ասկէ ամէնքդ, ասիկա արիւնիս բաժակն է, նոր եւ յաւիտենական Ուխտին արիւնը, որ պիտի հոսի ձեզի եւ բազմութեան համար որպէս մեղքերու թողութիւն։ Ասիկա յիշատակիս համար կատարեցէ՛ք։



274-Ս Հաղորդութիւնը ի՞նչ կը ներկայացնէ Եկեղեցիին կեանքին մէջ։

Ան ամբողջ քրիստոնեայ կեանքին աղբիւրն ու գագաթնակէտն է։ Աստուծոյ մեր մէջ սրբարար ներործութիւնը, ինչպէս նաեւ մե՛ր պաշտամունքը Աստուծոյ հանդէպ՝ իրենց կատարին կը հասնին Հաղորդութեան մէջ։ Ան իր մէջ կը պարփակէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր բոլոր բարիքները, նոյնինքն Քրիստոսը՝ մեր Զատիկը։ Աստուածային կեանքին մեր հաղորդակցութիւնն եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին ներքին միութիւնը արտայայտուած եւ իրագործուած են ս. Հաղորդութեան միջոցով։ Գոհաբանութեան Խորհրդին միջոցով, մենք այժմէն կը միանանք Երկնքի հանդիսութիւններուն եւ կը կանխենք յաւիտենական կեանքը։



275-Ս Հաղորդութեան ի՞նչ անուններ կու տան։

Ս. Հաղորդութեան անքննելի հարստութիւնը կ՛արտայայտուի այն բազմաթիւ անուններով, որոնք անոր յատկանշական երեւոյթներուն արտայայտութիւնն են։ Ան սովորաբար կը կոչուի Գոհութեան Խորհուրդ, Սուրբ Պատարագ, Տիրոջ Ընթրիք, Բեկանում հացի, Գոհաբանական ճաշակում, Տիրոջ չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան յիշատակում, Սուրբ Զոհ, Սուրբ եւ Աստուածային Ծիսակատարում, Ամենասուրբ Խորհուրդ, Սեղանի Սուրբ Խորհուրդ, Հաղորդութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.