2009-03-17 13:57:20

Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին՝ 11.երորդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը։ ԳԱՄԷՐՈՒՆ եւ ԵԱՈՒՆՏԷ։


Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին՝ 11.երորդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը։ ԳԱՄԷՐՈՒՆ եւ ԵԱՈՒՆՏԷ։

Սրբազան Հայրը Գամէրունի մայրաքաղաք Եաունտէ կը ժամանէ Մարտ 17-ին, առաջին հանգրուանը իր ափրիկեան ճամբորդութեան որ զինք պիտի տանի նաեւ Անկօլա։ Եաունտէյի մէջ կայ ինքնուրոյն ժողովրդապետութիւն մը թէպէտ Նորին Սրբութիւնը պիտի չ՝այցելէ այդ Եկեղեցին,ուր ամէն կիրակի տեղի կ՝ունենայ բացօթեայ Սուրբ Պատարագ մը երեք ժամ տեւողութեամբ պարերով ,երգերով եւ թմբուկներուընկերակցութեամբ որու ներկայ կ՝ըլլան հարիւրաւոր հաւատացեալներ ու նաեւ հետաքրքիր բնակիչներ ։ Ափրիկեան Ցամաքամասի մէջ կաթողիկէութիւնը խառնուած է տեղւոյն աւանդութիւններուն հետ ,երբեմն նոյնիսկ իւրացուցած՝ պապենական ու ցեղային սովորութիւնները, թոյլ տալով այսպէս կաթողիկէութեան մեծապէս աճելու ,հասնելով մինչեւ հարիւրէն 17 տոկոսի՝ ցամաքամասի մէկ միլիառ բնակչութեան վրայ։ Պէնէտիկտոս 16.երորդ արդարեւ այս ցամաքամասը կատարած առաքելական այս ճամբորդութեան ընթացքին (17 մարտէն-մինչեւ 23 մարտ) յատկապէս պիտի դիմագրաւէ Մշակոյթի Պատշաճեցումի, ինչպէս նաեւ Աղանդներու հարցը ,Մահմէտականներու հետ դժուար համակեցութիւնը,եւ ԷՅՏՍ անբուժելի հիւանդութիւնը ու անոր կապուած Վիճակագրական կացութիւնը ցամաքամասի մէջ։ Շնորհիւ այն սերտ յարաբերութեան ընդմէջ միսիոնարական հաւատքին ու ափրիկեան աւանդութեանց ,կաթողիկէութիւնը առինքնեց ափրիկեցի հաւատացեալներու մեծ զանգուածներ,բայց երբեմն նաեւ վտանգ ներկայացուց՝ յառաջ եկած այն խառնաշփոթ խառնուրդէն՝ ՝՝ոգեպաշտ պաշտամունքի եւ ծիսական աւանդութեան,ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ սուրբերու եւ անմահ նկատուած նախնիքներու հոգիներու միջեւ՝՝։ Միւս կողմէն Ափրիկեան Ցմամաքամասի մէջ քահանաներու կուսակրօնութիւնը վարանումներու եւ նոյնիսկ արհամարհանքի տեղի կուտայ եւ ուր մամհմէտականութիւնը յարատեւ աճումի մէջ է,արդարեւ երեք ափրիկէցիիէն մէկը ՝իսլամ է,մասնաւորապէս ԵնթաՍահարեան երկիրներու մէջ,ուր մինչեւ տասնամեայ մը առաջ քրիստոնէութիւնը եւ տեղացիներու դաւանանքները գերակշիռ էին։ Երկու կրօնքներու միջեւ յարաբերութեան մասին Պէնէտկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետը պիտի խօսի Եաունտէի մէջ,տեղւոյն Իսլամներուն հետ ունեցած իր հանդիպումի ընթացքին։ Իսկ Աղանդները ու բողոքական շարժումները իրենց կարգին ցաւ կը պատճառեն Վատիկանին,քանի կը խոստանան նիթական բարիքներ ,հրաշագործ բժշկութիւններ եւ դիւրահաս փրկութիւն՝ Ցամաքամասի մը մէջ որ խորասուզուած է թշուառութեան մէջ,թիրախ համաճարակներու եւ ԷՅՏՍ անբուժելի հիւանդութեան. Այս հիւանդութեան փոխանցումը կեցնելու համար ,(ինչպէս որ վերջերս Սրբազան քահանայապետը վերաստատեց Ափրիկեցի Դեսպաններուն, զանոնք ընդունելով Վատիկանի մէջ),կայ միայն մէկ ճամբայ մը այն է՝ ՝՝ողջախոհութիւնը եւ ժուժկալութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.