2009-03-17 13:36:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ԸՍՏ ՄԵԹԻՈՒ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ 7 ՄԱՅԻՍԻՆ։ Ըստ ՝՝Փանարմինիըն.նեթ՝՝ լրատուական կայքէջին, ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտնած որ երկու նախագահներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փրակայի մէջ՝ 7 մայիսին, Արեւելեան Գործընկերութեան կապակցութեամբ կայանալիք Եւրոպական Միութեան Վեհաժողովին ժամանակ, ընդգծելով որ այդ հանդիպումները գործնական նշանակութիւն ունին։



Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան երէկ ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի մէջ գտնուող Պուլկարիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միլեն Քերեմետչիեւը։ Հանդիպման ընթացքին խօսակիցները քննարկած են տարբեր մարզերու մէջ հայ-պուլկարական համագործակցութեան խորացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը։ Փոխ-նախարարներ՝ Կիրակոսեան ու Քերեմետչիեւ նշած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ ՝՝հաստատած են բարեկամական յարաբերութիւններ, քաղաքական երկխօսութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, աշխուժ է առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը եւ յստակ քայլեր կը ձեռնարկուին մշակութային մարզը աշխուժացնելու ուղղութեամբ՝՝։ Այս ծիրին մէջ կողմերը գոհունակութեամբ նշած են, որ ՝՝29 մայիսէն- 6 յունիս՝՝ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Պուլկարիոյ Մշակութային Օրեր։



ֆՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ՝՝դիտորդ անդամ՝՝ դառնալուն առիթով ՝՝19-31՝՝ մարտ հանրութեան պիտի ներկայացուի ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկներու լայնածաւալ ծրագիրը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ֆրանսախօսութեան օրերը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտու Տիուֆի հովանաւորութեամբ։ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան օրերը պիտի սկսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կազմակերպելիք պաշտօնական ընդունելութեամբ։



Երէկ երեկոյեան (16 մարտ) ՀՅԴ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 31 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն կուսակցութեան թեկնածուի առաջադրման հարցը։ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի (Հ1) ՝՝Հայլուր՝՝ յայտագիրը հաղորդեց, թէ ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, քաղաքապետական ընտրութիւններուն կուսակցութեան ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ. խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան։



ԻՍՐԱՅԷԼ։Իսրայէլի նոր նշանակուած վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի օր ծայրայեղ աջակողմեան ՝՝Իսրայէլը Մեր Տունն է՝՝ կուսակցութեան հետ նախնական համաձայնութեան մը հասնելով մասնակի կերպով ապահոված է համախոհական կառավարութեան իր առաջին գործընկերը յանձնելով միաժամանակ սոյն կուսակցութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Կառավարութիւն մը կազմելու Նեթանիահուի պայմանաժամը կ՝աւարտի 3 ապրիլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.