2009-03-16 13:40:06

Եկեղեցական Գիտելիքներ

4-րդ Շաբաթ Քառասնորդաց

(15-22 Մարտ 2009)


Քառասնորդաց չորրորդ շաբաթը անհաւատարիմ տնտեսի նուիրուած շաբաթն է. Յիսուս բնաւ չէր խօսած այս ձեւով, քաջալերելով նմանելու անհաւատարիմ եւ կաշառակեր մէկու մը. Բայց իր քարոզութիւնը կը հասկնանք եթէ դիտենք իր նպատակը. Ան կ՛ուզէ որ իրեն հետեւող անձերը նոյնքան ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի եւ բարիքներու ստացման մէջ, որքան աշխարհականները հոգ կը տանին մարմնաւոր շահերու նկատմամբ։ Մենք Յիսուսի խօսքերը կը վերլուծենք այս ուղղութեամբ։

Իսկ միեւնոյն առակի վերջաւորութեան, Յիսուս աւելի յստակ կերպով կը խօսի, առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի շփոթութեան. Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։

Սկզբունքի հարց ի կը վերածուի մեր ամէն մէկ որոշումը. Որովհետեւ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին, ենթակայ ենք այս երկընտրանքին. Չենք կրնար միեւնոյն ատեն հաճելի ըլլալ Աստուծոյ, անոր կամքը կատարել եւ մեր սեփական հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլ, մեր ուզածը ընել, առանց կարեւորութիւն տալու Տիրոջ պատգամներուն ու մեզի տուած պատուիրաններուն։

Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցին

Ընդհանրապէս Մարկոս աւետարանիչը նկատուած է որպէս հիմնադիր Աղեքսանդրիոյ հայրապետական Աթոռին։ Մարկոս եղած է աշակերտ նախ Պետրոս առաքեալին, ապա նաեւ շրջան մը` Պօղոս առաքեալին։ Ան գրած է երկրորդ աւետարանը, օգտուելով նախապէս եբրայեցերէն լեզուով գրուած Մատթէոսի մէկ համառօտ աւետարանէն։ Աղեքսանդրիոյ մէջ հնուց ի վեր միշտ գոյութիւն ունեցած է հրէական բաւական մեծ համայնք մը, որուն կը պարտինք Հին Կտակարանի Սուրբ Գրոց թարգմանութիւնը յունարէն լեզուի, կոչուած եօթանասնից Սուրբ Գիրք։

Աղեքսանդրիոյ նշանաւոր հայրապետները եղած են Աթանաս եւ Կիւրեղ պատրիարքները, որոնք ուժեղ կերպով պայքարած են, մին արիոսականներուն դէմ, իսկ միւսը` նեստորականութեան դէմ։ Աղեքսանդրիոյ մէջ է որ առաջին անգամուայ համար սկսած է ճգնաւորական կեանքը, որուն ամենամեծ ներկայացուցիչն ու հիմնադիրն է Սուրբ Անտոն Աբբան։ Անոր օրինակին հետեւելով` Թէպայիտի անապատը լեցուեցաւ ճգնաւորներով, որոնք յետագային դարձան առաջին կրօնաւորները։

Հայ Եկեղեցին շատ սերտ կապեր հաստատած է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցւոյ հետ եւ աւելի ուշ` կը գտնենք նաեւ հայ կրօնաւորներ Եգիպտոսի վանքերուն մէջ։ Նոյնքան կարեւոր եղած է դերը Աղեքսանդրիոյ աստուածաբանական դպրոցին, որուն ուղղութիւնը միշտ եղած է ուղղափառ, Քրիստոսի մէջ տեսնելով Աստուծոյ Միածինը, որ նաեւ որդին է Մարիամ Կուսին. Ուստի իրաւացիօրէն Մարիամ կոչուած է Աստուածամայր, տրուած ըլլալով որ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները սերտօրէն միացած են Քրիստոսի մէջ։ Աթանաս եղած է գլխաւոր ընդդիմադիրը արիոսեան հերձուածին եւ այս պատճառաւ բազմիցս աքսորուած է կայսրէն։

Շաբաթ 21 Մարտին` տօնն է Սեբաստիոյ Քառասուն Մանուկներուն։ Մանուկ ըսելով կը հասկնանաք երիտասարդներ. Անոնք մաս կը կազմէին Հռոմի կայսերական բանակի լէգէոններուն եւ ամէնքն ալ հայ էին։ Իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար, անոնք նետուեցան ձմեռ ատեն Սեբաստիոյ սառած լճին մէջ եւ նահատակութիւնը կրեցին։ Իրենց աճիւններու գիւտը եղաւ 316 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.