2009-03-16 13:09:53

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ՝ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԸ ՊԻՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ։ Յառաջիկայ 31 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի Քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընդդիմադիր Հայ Ազգային քոնկրեսի ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Այս տեղեկութիւնը ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին փոխանցած է առաջին նախագահի մամլոյ բանբերը Արման Մուսինեան։ Միւս կողմէ ըստ ՝՝Ռատիոլուրին՝՝ կ՝ակնկալուէր, որ Հայաստանի համախոհական կառավարութեան երկու գլխաւոր ուժերը՝ ՀՅԴ-ն եւ Օրինաց Երկիրը, աւարտած ըլլային իրենց խորհրդակցութիւնները Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին համար թեկնածու մը որոշելու ուղղութեամբ։ Բայց վերջին օրերուն լուրեր տարածուած էին այն մասին, թէ Օրինաց Երկիր կուսակցութենէն քաղաքապետի թեկնածու պիտի առաջադրուի կուսակցութեան խորհրդարանային խմբակցութեան ղեկավար եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Հեղինէ Բիշարեանը, սակայն ան 13 մարտին հերքած է իր թեկնածութեան լուրը։



Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան այս տարեշրջանի ծախսերը փակելու համար, անցեալ շաբթուան ընթացքին Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած եւ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ որոշ վերապահութիւններով ստորագրուած ծրագրին մէջ կարելի եղած է պահպանել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները( այսպէս կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը)։

Նշենք թէ 410 միլիառ տոլարնոց բանաձեւին մէջ նկատի առնուած ծախսերը պիտի ամբողջացնեն անցեալ տարուան 1 հոկտեմբերին սկսած եւ այս տարուան 30 սեպտեմբերին աւարտող տարեշրջանի ծախսերը։ Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի կառավարութիւնը փորձած էր խախտել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը, սակայն նոր բանաձեւին մէջ որոշուած է 3 միլիոն տոլար տրամադրել իւրաքանչիւր երկրին։



ԱՆԳԱՐԱ- Թրքական ՝՝Սթար՝՝ թերթը Ուրբաթ, Մարտ 13ին կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները հասած են իրենց վերջին հանգրուանին եւ երկու երկիրներուն մէջ համաձայնագիր մը կրնայ կնքուիլ Ապրիլին։ Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող դիւանագէտ մը թերթին տեղեկացուցած է, թէ ստորագրուելիք համաձայնագրով կ՝ակնկալուի ՝՝բանալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները, առեւտրական կապեր հաստատել ու 1915ի իրադարձութեանց հարցով յանձնաժողով մը կազմել՝՝։ Նոյն աղբիւրը աւելցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կապուած չէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման, սակայն շեշտած է, թէ Անգարա հերթականօրէն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պաքուի իշխանութեան, Հայաստանի հետ յարաբերութեանց մասին։



ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑի ԾՆՆԴԵԱՆ 112-ԱՄԵԱԿԸ(ԵՐԵՒԱՆ) ։Անսովոր եւ փոթորկալից կեանք մը անցուցած մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 112ամեակին առիթով, կազմակերպուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մշակութային եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։ Անոնցմէ մէկն էր Երեւանի մէջ բանաստեղծի կիսանդրիին մօտ տեղի ունեցած հաւաքը։ Եղիշէ Սողոմոնեան, որ վերանուանուած է ՝՝Չարենց՝՝ իր մանկութեան օրերուն չար ըլլալուն համար, ծնած է Կարս քաղաքը 1987ի Մարտ 13ին, եւ մահացած է Երեւանի բանտին մէջ, 1937ի Նոյեմբեր 27ին։



ԹՈՒՐՔԻԱ-Թուրքիոյ մէջ այս տարուան առաջին եռամսեային ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը բարձրացած է 13.6 առ հարիւրի։ Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ համեմատութիւնը 10.6 առ հարիւր էր, իսկ մինչեւ դեկտեմբեր 2008 երկարող եռամսեայ ժամանակահատուածին ընթացքին՝ 12.3 առ հարիւր։

ԻՍՐԱՅԷԼ- ՝՝Լիքուտ՝՝ եւ ՝՝Իսրայէլը Մեր Տունն է՝՝ աջակողմեան կուսակցութիւնները համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են ։ Ըստ այս համաձայնութեան, Իսրայէլը Մեր Տունն է կուսակցութեան կը տրուին հինգ նախարարութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.