2009-03-15 09:47:24

Ս. Աթոռը կը դատապարտէ կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ։


Ս. Աթոռը կը դատապարտէ կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ։



Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ ` գերապայծառ Միլիորէ, մարտ 9ին խօսք առնելով Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնին մէջ դատապարտեց կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ, պարզապէս որովհետեւ անոնք կիներ են։ Նման կեցուածք մը , ըսաւ ան ,անընդունելի է ։ Վատիկանի մնայուն դէտը խօսք առնելով ՄԱԿի 53-րդ յանձնախումբին առջեւ, որ կը բանակցի ՜՜այր եւ կնոջ հաւասար բաժանումի պատասխանատուութեան ու խնամքին՝՝ նիւթին մասին, ըսաւ. ՜՜Մարդկային էակները ոչ միայն ինքնավար եւ հասաւար են, այլ եւ իրարու զօրակից են՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.