2009-03-15 09:46:37

12 Մարտ 1966ին, Մոսկուայի մէջ, իր կեանքի բեղմնաւոր շրջանին՝ 59 տարեկանին կը մահանար հայ գիտական մտքի աշխարհահռչակ ներկայացուցիչներէն ՓՐՈֆ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԻՍԱԿԵԱՆ(1907-1966)


12 Մարտ 1966ին, Մոսկուայի մէջ, իր կեանքի բեղմնաւոր շրջանին՝ 59 տարեկանին կը մահանար հայ գիտական մտքի աշխարհահռչակ ներկայացուցիչներէն ՓՐՈֆ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԻՍԱԿԵԱՆ(1907-1966) ։ Հայ մեծ գիտնական Նորայր Միսակեան ծնած էր Աշտարակ, 12 Յունուար 1907ին։ Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ Մոսկուայի Երկրագործական Ակադեմիան 1932ին աւարտած կենսաքիմիագէտը, 1935ին, աշխատանքի հրաւիրուեցաւ Մոսկուայի Կենսա-քիմիագիտութեան Կաճառին մէջ։ Շուտով դասախօս նշանակուեցաւ Մոսկուայի Պետական համալսարանին մէջ, ուր եւ ծաւալեց իր գիտական-գիւտարարական մեծարժէք գործունէութիւնը։ Փրոֆ. Միսակեան եղաւ հիմնադիրը կենսաքիմիագիտական եւ, յատկապէս, տիեզերահետազօտական 14 տարրալուծարաններու։ Համաշխարհային հռչակի տիրացաւ, մանաւա՛նդ, Ռուսական Գիտութիւններու Ակադեմիայի Փուսչինի (Puschin) կեդրոնի հիմնադրութեամբ, որ հսկայական ներդրում ունեցաւ խորհրդային անջրպետային գիտութեանց զարգացման եւ տիեզերա-հետազօտութեան առաջացման ու կատարելագործման մէջ։ Հայ գիտական մտքի ճառագայթող ներկայացուցիչը դարձաւ՝ Նորայր Միսակեան, որուն հետազօտութեանց եւ յայտնագործութեանց մէջ նորօրեայ իր ամրագրումը գտաւ Անանիա Շիրակացիի ժամանակներէն եկող հայ գիտնականի՝ հպարտութիւն ներշնչող աւանդը։ Միջազգային վարկ վայելող բոլոր հանրագիտարաններու վկայութեամբ՝ Նորայր Սիսակեանի ներդրումը եզակի եղաւ, յատկապէս, իր մշակած ու կատարելագործած քլորոփլասթներու իբրեւ բազմագործառոյթ բջիջային կառոյցներու տեսութեամբ (Concept of chloroplasts as poly-functional cell structure)։ Իր աշխատանքով մեծարժէք նպաստ բերաւ խորհրդային անջրպետային ծրագիրներու բնախօսական-կենսաբանական ոլորտի մշակման եւ կատարելագործման։ Իբրեւ այդպիսին՝ փրոֆ. Միսակեան հանդիսացաւ խորհրդային Տիեզերական Կենսաբանութեան հիմնադիրը։ Մաս կազմեց Խորհրդային Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահութեան։ Միշտ անդամ մնաց Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային։ Ընտրուեցաւ փոխնախագահ Տիեզերագիտութեան Միջազգային Ակադեմիային։ Նախագահեց Տիեզերագիտութեան Միջազգային Միութեան կենսա-տիեզերա-հետազօտութեանց Յանձնաժողովին։ 1952ին արժանացաւ Խորհրդային Միութեան Պետական Մրցանակին։ Իսկ 1964ին միաձայնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ Ունեսքոյի 21րդ համաժողովին։ Նորայր Սիսակեան Գիտական աշխատանքի մեծ կազմակերպիչ էր եւ իբրեւ այդպիսին, տարբեր ծրագիրներու վրայ իր ժամանակի գիտնականներու աշխատանքը համադրելով՝ արժանացաւ նաեւ քաղաքացիական վարկ վայելող գիտնականի համբաւին։ Առաջնորդող դեր կատարեց Խաղաղութեան համար պայքարող Գիտնականներու Փուկվոշ (Pugwash) Շարժումի ստեղծման ու անոր համամարդկային արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան մէջ։ Երեւանի մէջ փողոց մը եւ դպրոց մը իր անունը կը կրեն, իսկ ծննդավայր Աշտարակի մէջ կը գործէ իր անունով թանգարան մը։ 2007ին, Մ.Ա.Կ.ի որոշումով ՝՝Նորայր Միսակեան՝՝ անունը իր արժանաւոր տեղը գտաւ Ունեսքոյի Հռչակաւորներու Համաստեղութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.