2009-03-14 13:03:31

Սուրիահայ 35ամեայ Պետական Սինֆոնիք նուագախումբի   խմբավար Միսակ Պաղպուտարեանի ելոյթները ԱՄՆ.ի՝ մէջ


Սուրիահայ 35ամեայ Պետական Սինֆոնիք նուագախումբի   խմբավար Միսակ Պաղպուտարեան ընկերակցութեամբ Դամասկոսի իր խումբէն հինգ սուրիացի մեներգողներու, արաբական ուտի, նայի եւ պըզոք նուգարաններու հրաւիրուած էին ԱՄՆ.ի՝ Քալիֆորնիոյ Քոսթա Մեսա քաղաքի Փասիֆիք Սինֆոնի նուագախումբի հանրայայտ խմբավար Քարլ Սանդ Քրէլի կողմէ, ելոյթ ունենալու 12, 13 եւ 14 Մարտ 2009ին . 15 Մարտին՝ կը վերադառնայ Դամասկոս, պատրաստուելու՝ իր ղեկավարած նուագախումբի տարեկան մեծ ելոյթին։ Քալիֆորնիոյ մէջ կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին հանրութեան պիտի հրամցուի նաեւ սուրիացի յայտնի երգահան Զայէտ Ճապրիի ստեղծագործութիւններէն բաժին մը։ Հայազգի Պաղպուտարեան ութը տարիներու ընթացքին իր նուագախումբին հետ, շրջած է արաբական երկիրներ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներ, եւ հրամցուցած՝ սուրիական երաժշտութիւն ու երգեր օտար հասարակութեան մեծ յաջողութիւն գտնելով ու արժանանալով բոլորին ջերմ գնահատականներուն։

Սուրիահայ երիտասարդ խմբավարը՝ Միսակ Պաղպուտարեան, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Ազգ Միացեալ վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյնը՝ պետական։ Փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է հանդէպ երաժշտութեան եւ հետեւած դասընթացքներու։ Ապա, երաժշտական իր ուսումը շարունակած է High Institute of Music պետական համալսարանէն ներս ութը տարի ՝ տնօրէն Սըլհի Էլ Ուատիի ղեկավարութեամբ։ եճ նոյն այս մեծ երաժշտագէտին քաջալերանքին արդիւնք՝ իբրեւ բացառիկ աշակերտ պետութիւնը զինք ուղարկած է Իտալիոյ՝Ֆլորանս քաղաքի երաժշտանոց։ 2001ին, աւարտելով խմբավարի իր բարձրագոյն ուսումը՝ Դամասկոս վերադարձած է եւ շնորհիւ իր հմտութեան ու բացառիկ կարողութեան, երաժշտագէտ Սըլհի էլ Ուատի, հիմնադիրը՝ Սուրիոյ պետական այս նուգախումբին, անձամբ խումբին ղեկավարութիւնը յանձնած է հայորդի արուսետագէտին։ Սուրիական պետական այս նուգախումբը բաղկացած է 85 անդամներէ։ Գրեթէ ամիսը մէկ անգամ հրապարակային ելոյթով հանրութեան կը ներկայացնէ սուրիական եւ արաբական երաժշտական ստեղծագործութիւններ։ Խումբի շրջապտոյտին ծիրէն ներս, արաբական եւ եւրոպական երկիրներու կողքին ինկած են նաեւ Հայաստանն ու Թուրքիան։ Միսակ ամէն առիթով եւ ամէն տեղ, միշտ ինքզինք իբրեւ սուրիացի հայ ներկայացուցած է ։ Իր յայտագրին մէջ տեղ գրաւած են աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ անխտիր։ Դամասկոս վերադարձին պիտի պատրաստուի մեծ շուքով տօնելու Մենտըլսընի 200ամեակին նուիրուած յատուկ յայտագիր մը։ Արաբական աշխարհը (ըսած է Պաղպուտարեան )մեծ հիացմունքով եւ յարգանքով կը մօտենայ Արամ Խաչատուրեանին եւ անոր ստեղծագործութիւններուն։ Այլ խօսքով, Խաչատուրեան միակ հայ երգահան կամ երաժշտագէտն է, որուն ծանօթ է արաբական ամբողջ աշխարհը։

Արաբ ժողովուրդը միշտ իր սրտին մօտիկ պահած է հայ մեծ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանը։ Այս մէկը բարենիշ մըն է հայութեան համար։ Այս հիման վրայ, 2003ին Դամասկոսի մէջ Պաղպուտարեան իր ղեկավարած նուագախումբով, դաշնակի ընկերակցութեամբ յատկապէս Երեւանէն հրաւիրուած Արմէն Պապախանեանի, մեծ հանդիսութեամբ մը յիշատակեց Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակը։ Իր բոլոր ձեռնարկներուն անպայմանօրէն ներկայ գտնուած է Սուրիոյ ներկայ նախագահը՝ պետական իր աւագանիով, եւ ամէն առիթով միշտ իր գնահատանքն ու շնորհաւորանքը յայտնած է հայ երիտասարդ խմբավար Միսակ Պաղպուտարեանի։

Խմաբավար Պաղպուտարեան ունի արուեստագէտ երկու քոյրեր՝ Ծովակ՝ 33 տարեկան (ջութակ) եւ Գարուն՝ 29 տարեկան (թաւջութակ), որոնք մաս կը կազմեն իր նուագախումբին։ Ներկայիս Գարունը, սուրիական պետութեան իբրեւ սան, թաւջութակի սերտողութեան ծիրէն ներս կուսանի Ֆրանսա՝ Լիոնի երաժշտական բարձրագոյն համալսրանին մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.