2009-03-14 11:15:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը դատապարտէ, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի աւարտին ի յայտ եկած՝ ծիսական շեղումները


Ուրբաթ օրը, ընդունելով աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման լիանիստ ժողովին մասնակցողները, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դարձեալ խօսեցաւ ծիսական շեղումներու մասին, այդ շեղումները, սրբազան պապին գնահատումով, կերպով մը խաթարեցին ծիսական բարենորոգումը։ Ապա Սրբազան Հայրը ընդգծեց սերտ կապը որ կայ ընդմէջ Ս. Զոհին եւ Ս. հաղորդութեան երկրպագութեան։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, յառաջիկայ աշնան, պիտի այցելէ Հռոմի հրեաներու տաճարը։

Ասիկա առաջին անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ հրէական տաճար մը, այսպէս հաստատած է Վատիկանի բանբերը Յիսսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, առանց սակայն սահմանելու թուականը։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ, իր խնդակցութիւնը յայտնեց Հռոմի հրեայ համայնքի պետին՝ Սրբզ. Պապին ուղղած հրաւէրին համար, մատնանշելով որ Սրբզ. Հայրը ուրախութեամբ ընդունեց հրաւէրը։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երրորդ անգամուան համար հրէական տաճար մը կը մտնէ, առաջինը Գերմանիա, Գոլոնիայի տաճարը 2005ի Օգոստոսին, ապա ԱՄՆի Նիւ Եորք քաղաքը, 2008ի ապրիլին։

Ի դէպ, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը կատարած էր Հռոմի հրէական տաճար 1986-ին, հրեաները կոչելով անդրանիկ զաւակները կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։










All the contents on this site are copyrighted ©.