2009-03-14 13:13:12

Գերմանիոյ կաթողիկէները կ՛ողջունեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յղած նամակը աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն։ Նամակը շատ անհատական բնոյթ ունի ու պատմականօրէն եզակի։


Գերմանացիներու կաթողիկէ կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին աշխարհի եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակը, որով կը բացայայտէ իր ընտրութիւնը, այն է. ՝՝վերցնել բանադրանքը ծայռայեղ չորս եպիսկոպոսներուն, որոնք կը պատկանին Պիոս Ժ.ի անուան եղբայրութեան՝՝։ Սրբազան քահայանապետի այս նամակը շատ անհատական բնոյթ ունի եւ պատմականօրէն եզակի է, ըսած է Պոնի մէջ Հանս Յովակիմ Մայեր` նախագահը գերմանացի կաթողիկէ մարմնին, ընդգծելով ՝ Սրբզ. Քահանայապետին տպաւորիչ յարումը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի վճիռներուն, անոր յանձնառումը ի խնդիր հաշտութեան ՜՜հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ՝՝ ու տարած աշխատանքը համամիութեան ու կրօնական երկխօսութեան ի նպաստ։ Գերմանիոյ կաթողիկէներու նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ.ի կատարած յստականացումին համար ըսելով. ՜՜ յարգանքով ու համակրանքով կարդացինք թէ Սրբազան Հայրը կ՛ուզէ վեհանձնութեամբ ու գթութեամբ նպաստել Եկեղեցւոյ Միութեան համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.