2009-03-14 12:30:41

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպած է Իրանի Արտաքին Գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ։ Նախարարներու դռնփակ հանդիպումէն ետք բանակցութիւնները շարունակուած են պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Իրանի բարի դրացիական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները, որոնք կարեւոր գործօն կը հանդիսանան շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ։

Մանուշեհր Մոթթաքի, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Իրան շահագրգիռ է իր դրացի եւ բարեկամ Հայաստանի հետ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումով, եւ ինք այցելած է Հայաստան տարբեր մարզերու մէջ՝ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացումը խթանելու նպատակով։ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Նախագահ Ահմէտինէճաթի Իրան այցելելու հրաւէրը հաղորդած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։



Եւրոպական Խորհուրդի Վենետիկի Յանձնախումբի՝ երէկուան եւ այսօրուան լիագումար նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները։ Ըստ Եւրոպական խորհուրդի երեւանեան գրասենեակի հաղորդագրութեան, յանձնախումբը մտադիր է նաեւ կարծիք յայտնել Հայաստանի մէջ տեղեկատուութիւն ստանալու ազատութեան մասին՝ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ։

Յանձնախումբի օրակարգային հիմնական հարցերն են՝ իրաւական բարեփոխումները Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ, որոնց շարքին՝ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմանադրական փոփոխութիւնները, գրաւեալ տարածքներու (Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա) մասին Վրաստանի օրէնքը, Թուրքիոյ մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու արգիլման առնչուող սահմանադրական եւ իրաւական դրոյթները։



Հարաւային Ափրիկեան ՝՝ News24.com՝՝ կայքէջը երէկ յօդուած մը հրապարակեց, անդրադառնալով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար Թուրքիոյ ներկայացուցած կարեւորութեան եւ նախագահ Օպամայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ընտրական խոստումին։ Յօդուածը կը նշէ, որ Օպամայի վարչակազմը չէ յայտնած, թէ ի՛նչ պիտի ընէ 24 Ապրիլի նախագահական ուղերձին եւ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին հարցով։ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ տակաւին հարցը կը քննարկէ, իսկ Սպիտակ Տունը մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ուղղակի մեկնաբանութիւն կատարել։ Հարաւային ափրիկեան ՝՝News24.com՝՝ կայքէջը կը խօսի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւն մը ըլլալուն մասին։

Յօդուածը իր ամբողջութեան մէջ կարելի է կարդալ Ազդակ Օրաթերթի կայքէջի անգլերէն յաւելուածի Յօդուածներ բաժինին մէջ։

(http։//wwwaztagdaily.com/DisplayMonthlyphp?ID=1842&type=english)



Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշին վրայ կօշիկ նետած իրաքցի լրագրող Մունթազար Զայտի , երէկ, երեք տարուայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ։ Վճիռ մը, որուն քննադատները կը յայտնեն, որ քաղաքական դրդապատճառներով արձակուած վճիռ մըն է։ Իրաքցի լրագրող Մունթազար Զայտի դեկտեմբերին անմիջապէս աշխարհահռչակ դարձաւ, երբ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր երկու կօշիկները նետեց Իրաքի ներխուժման հրամանը արձակած ամերիկացի ղեկավար Ճորճ Պուշի վրայ եւ զինք շուն կոչեց։ Պուշի դէմ Զայտիի կատարած այս արարքը յետագային շատերու կողմէ որդեգրուեցաւ որպէս բողոքի նշան եւ աշխարհի տարածքին մէկէ աւելի կօշիկի արձակման պարագաներ տեղի ունեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.