2009-03-13 13:13:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Իսրայէլի աւագ ռաբունապետութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որպէս նախապատրաստութիւն‘ Ս. Երկիր ուխտագնացութեան։


Ս. Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան անդրադառնալով, մայիս 8-15, Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը մաղթեց որ իր այս ճամբորդութիւնը ծառայէ շրջանի հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ նոյնիսկ մահմետականներու խաղաղութեամբ ու ներդաշնակութեամբ ապրելու։

Սրբազան Հայրը այս մաղթանքը կատարեց իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Իսրայէլի աւագ ռաբունապետութեան մէկ պատուիրակութիւնը։

Ինչպէս գիտէք, յարեց Նորին Սրբութիւնը, կը պատրստուիմ ուխտագնացութիւն կատարել Ս. Երկիր, ուր ինծի առիթ կ՛ընծայուի աղօթելու՝ մասնաւորապէս այդ շրջանի ժողովուրդներու միութեան ու խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ մարդկային ազգին համար։ Եկեղեցին, ըսաւ Հռոմի Պապը, կը ճանչնայ թէ իր հաւատքը հիմնուած է ՜՜Աստուծոյ պատմական միջամտութեան՝՝ վրայ հրեայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Հրեաները եւ քրիստոնեաները բաժանակից են հոգեւոր այս հարուստ ժառանգութեան։ Ռաբունապետ Շիր Գոհէն, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ-ին իր անվերապահ կեցուածքին համար հրեաներու ողջակիզումի ուրացումին դէմ։



Ուրբաթ` 13 մարտ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9-ին մասնակցեցաւ քառասնորդացի քարոզին Փրկչին Մայրը անուան մատրան մէջ։

Ապա ժամը 11-ին ընդունեց Արխենթինայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Սրբազան Հայրը յաջորդաբար ընդունեց.

Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհրուրդներու մատակարարման լիանիստ ժողովի մասնակցողները` թիւով 70 հոգի,եւ Գերապայծառ Լուիս ֆեռռէ` քարտուղարը հաւատոյ ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.