2009-03-13 12:18:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուի։Փարիզ կեցութեան ընթացքին Նախարարը հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարար Պեռնար Քուշների , ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ, ապա Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի ներկայացուցիչներու հետ։ Միջազգային Դիւանագիտական Ակադեմիոյ մէջ իր ելոյթին ընթացքին ,պատասխանելով ներկաներու հարցումին, որ կը վերաբերէր ՝՝հայ-թրքական՝՝ յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած այն կարծիքներուն, թէ՝ Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի հնարաւոր ճանաչումը կրնայ բացասաբար ազդել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ, Է. Նալբան-դեան յայտնած է, թէ ՝՝Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարող չէ հարցականի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ եթէ հայկական ու թրքական կողմերը ունին քաղաքական կամք եւ անկեղծ ձգտում՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, այլ որեւէ մէկ պարագայ չի կրնար խանգարել այդ՝՝։



Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 11 մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպած է իշխող համաձայնական կառավարութիւնը ներկայացնող Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ եւ Օրինաց Երկիր խմբակցութիւններուն հետ։ Հանդիպման նպատակն էր քննարկել, թէ համաշխարհային տնտեսական տագնապի պայմաններուն մէջ ի՛նչ մեքենականութիւն կը նախատեսէ կառավարութիւնը, ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար։ Ներկայացնելով Հայաստանի մէջ համաշխարհային տնտեսական տագնապի ազդեցութիւնն ու հետեւանքները յաղթահարելու ուղղութեամբ կառավարութեան առաջնահերթ քայլերը՝ Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ Գործադիր իշխանութիւնը իր ուշադրութիւնը նախ եւ առաջ պիտի կեդրոնացնէ ենթակառոյցներու բնականոն գործունէութեան ապահովման, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան եւ ընկերային ծախսերու պաշտպանուածութեան վրայ։ Իսկ Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ եւ 300-րդ յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նպատակով Խորհրդարանին մէջ ստեղծուած աշխատանքային խումբը 10 մարտի նիստին քննարկած է նշեալ յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ նախատեսող օրինագիծի լրամշակուած՝ երկրորդ ընթերցման ներկայացուելիք տարբերակը։



Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռեւազ Կաչեչիլածէն, եկած կատարելու իր հրաժեշտի այցելութիւնը, քանի որ կ՝աւարտէր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։ Նախագահ Սարգսեան Դեսպանի գործունէութեան քառամեայ տարիները հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման առումով գնահատած է արդիւնաւէտ եւ յագեցած բարձր մակարդակի շփումներով։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, այդ ժամանակաշրջանին քաղաքական երկխօսութիւնը զգալիօրէն աշխուժացած է, տնտեսական գործակցութեան շրջագիծը ընդլայնուած է, իսկ մշակութային կապերը ամրապնդուած են։



Եւրոպական Խորհրդարանը երէկ վաւերացուց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին վերաբերող ՝՝բանաձեւ-տեղեկագիրը՝՝, որ երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով մտահոգութիւն կը յայտնէ բարեփոխումներու գործընթացին շարունակական դանդաղեցման շուրջ։ Տեղեկագիրը կը նշէ որ ՝՝կը ցաւի թէ խօսքի ազատութիւնը ու մամլոյ ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ տակաւին ամբողջութեամբ պաշտպանուած չեն։ Եւրոպական Խորհրդարանը կ՝ընդծէ, որ ժողովրդավարական ընկերութեան մը մէջ խօսքի ազատութեան կարելի չէ հասնիլ՝ յաճախակի կերպով կայքէջեր արգելակելով, կամ մամուլը ջնջելով, կամ ալ անոր դէմ դատական հարց յարուցելով։ Տեղեկագիրը նաեւ քրտական Դեմոկրատական Ընկերութիւն կուսակցութեան կոչ կ՝ուղղէ հեռաւորութիւն պահելու ՔԱԿ-ի ահաբեկչական արարքներէն՝՝։ Միւս կողմէ Պոլսոյ ՝՝Մարմարա՝՝ օրաթերթը կը գրէ որ ՝՝ըստ թրքական գործարար շրջանակներուն, անցեալ տարուան 12 սեպտեմբերէն մինչեւ այս տարուան 27 փետրուարը , Թուրքիայէն օտար ներդրողներու գումարներու արտահոսքը հասած է 9,7 միլիառ տոլարի, որովհետեւ ներդրողներ մտահոգ են միջազգային տնտեսական տագնապին պատճառով Թուրքիոյ տնտեսութեան վիճակին վատթարացումէն՝՝։

ՊԱՂԵՍՏԻՆ։Համաս շարժումը երէկ հազուադէպ յայտարարութիւն մը կատարեց՝ յայտնելով, որ ներկայիս Իսրայէլի դէմ պաղեստինեան հրթիռարձակումներ կատարելու համար սխալ պահ է։ Այս քննադատութիւնը կը հնչէ այնպիսի պահու մը , երբ Համաս Շարժումը կը փորձէ Իսրայէլի հետ երկարատեւ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ Ալ-Ֆաթահ շարժումին հետ հաշտութեան բանակցութիւններ կը վարէ։ Ըստ երեւոյթին, Համաս մտահոգ է այս ջանքերու խանգարումէն։ Համաս յայտնեց նաեւ որ ինք մեղսակից չէ վերջերս (ներառեալ չորեքշաբթի օր) Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռային յարձակումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.