2009-03-12 13:26:44

Լուրեր հայ աշխարհէն



Սեւծովեան տարածաշրջանին պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ վերականգնման մասին քննարկում։


Երեւանի եւ Հայաստանի նախագահական շրջանակներուն մէջ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւնը մարտ 4 եւ 5-ին, կազմակերպած է՝ կլոր սեղան մը, նուիրուած՝ Սեւ ծովեան տարածաշրջանի մշակութային նորութիւններ պարբերականի հիմնադրութեան. սոյն միջոցառման հիմնական նիւթերէն մէկն էր ՜՜ համագործակցութիւնը Սեւծովեան տարածաշրջանին պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ վերականգնման բնագաւառին մէջ, որուն մասնակցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ զուգահեռ տեղի ունեցած է նաեւ Մշակութային խճանկար միջոցառումը, ուր ներկայացուած են ցուցանմուշներ բերուած՝ անդամ երկիրներէն, ինչպէս նաեւ՝ Սեւ ծովու՝ արեւոտ երկինք խորագրով մանկական նկարներու ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած են մանկական կտաւներ Վրաստանէն եւ Պուլկարիայէն, նաեւ գեղագիտութեան Ազգային կեդրոնին մէջ պահուող ցուցանմուշներ։ Նշենք թէ ՜՜Մշակութային խճանկար միջոցառումը տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ մարտ (4-11)՝՝ իսկ Սեւ ծովու՝ արեւոտ երկինք խորագրով մանկական նկարներու ցուցահանդէսը՝ գեղագիտութեան Ազգային կեդրոնին մէջ։



Մայրենիի Միջազգային օրը Հ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան մէջ։

Մայրենիի միջազգային օրուան առիթով՝ մարտ 2-ին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սեյրանեան պատուոյ գիրեր եւ շնորհակալական գիրեր յանձնած է պետական, հասարակական, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառի շարք մը ներկայացուցիչներուն։ Նախարարը ողջունած է ներկաները եւ կարեւորած է մայրենիին նուիրուած միջոցառումներուն շարունակականութիւնը։ Այս արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող աշխարհին մէջ, բոլոր ազգերն ու պետութիւնները ջանք չեն խնայեր պահելու պահպանելու եւ ուրիշներուն ներկայացնելու իրենց մայրենին՝ սեփական արժէքներով եւ այս տօնին խորհուրդը մեզի հայերուս համար յատկանշական ու կարեւոր է քանի որ մենք ինքնութեան պահպանման հարց ունինք։ Ասոր համար նախարարութիւնը աւելի եւս շեշտը կը դնէ մեր լեզուի պահպանման կարելիութեան վրայ արժեւորելով տարբեր ոլորտներու ա՛յն ներկայացուցիչներուն գործունէութիւնը, որոնք իրենց ամէնօրեայ աշխատանքով կը պահպանեն եւ նոր սերունդներուն կը փոխանցեն՝ մայրենին, նախարարը արարողութեան աւարտին, պատուոյ եւ գնահատանքի գիրեր յանձնած է յոյս յայտնելով որ օրէ-օր աճի մայրենիի անաղարտութեան նուիրեալներու թիւը հայ հասարակութեան մէջ ։



Անգլերէնի թարգմանուած է ՜՜Հայկական Գողգոթա՝՝ հատորը։

31 մարտին լոյս պիտի տեսնէ Գրիգորիս վրդ Պալաքեանի ՜՜Հայկական գողգոթա՝՝ խորագիրով վկայութեան անգլերէն թարգմանութիւնը, որ թարգմանած է Փիթըր Պալաքեան։ 560 էջնոց գիրքը կը ներկայացնէ 24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ հայ ղեկավարութեան հետ ձերբակալուած Գրիգորիս վրդ Պալաքեանի՝ ականատեսի վկայութիւնները, մահէն անոր փրկուիլն ու անտառներու եւ լեռներու ճամբով փախուստի դիմելը։



Շարլ Ազնաւուր Յաւերժական երգիչը

Անցեալ տարուայ վերջաւորութեան, Աթէնքի Տրոմոն հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ յոյն բանասէր տիկ. Թուլա Քարոնիի ՜՜Շարլ Ազնաւուր յաւերժական երգիչը՝՝ խորագրով գիրքը, ուր համախմբուած են մեծատաղանդ հայ երաժիշտի երգերէն շուրջ քսանհինգը , որոնք կը ներկայացուին յունարէնի թարգմանութեամբ։ Գիրքի ներածականին մէջ մանրամասն անդրադարձ կը կատարուի Շարլ Ազնաւուրի կեանքին, մանկութեան ապրած պայմաններուն, երաժշտութեան եւ շարժանկարի աշխարհէն ներս իր կատարած մուտքին, գործակցութիւններուն, որ ունեցած է իր ժամանակաշրջանի ամէնէն փայլուն ու տաղանդաւոր երգիչներուն ու դերասաններուն հետ։ Նիւթերուն կընկերանայ լուսանկարչական ճոխ հաւաքածոյ մը։ Բաժին առ բաժին, հակիրճ կերպով, ներկայացումը կը կատարւի Ազնաւուրի բնաւորութեան, իր բազմաթիւ տաղանդներուն, փորձառութիւններուն, ինչպէս նաեւ զինք յատկանշող երեւոյթներուն, արտայայտած մտքերուն եւ զգացումներուն։

Թէ ով է սոյն գիրքին հեղինակը Թուլա Քարոնի.

Ան բանասէր է, իր ուսումը ստացած է Թեսաղոնիկէի համալսարանէն եւ աշխատած է որպէս ուսուցչուհի։ Ան մանկական թատրերգութիւններ գրի առած է, ինչպէս նաեւ կատարած է յոյն դասական գիրքերու մանկական պատշաճեցումներ։ Յունական երգարուեստի եւ թատերական միուզիքըլներու համար բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրի առած է։

Տիկին Քարոնի աշխատած է նաեւ ձայնասփիւռի երաժշտական հաղորդումներու որպէս արտադրիչ, յատկապէս ֆրանսական երգերու ներկայացումներով։ Անդամ է Հելլէն Բանաստեղծներու Միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.