2009-03-12 16:12:38

Երուսաղէմի մօտ առաքելական դեսպանը մամուլին կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Ս. Երկիր։


Գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօ, առաքելական դեսպանը Ս. Երկրին մօտ, Երուսաղէմին մէջ, մամուլին ներկայացուց ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը՝՝։ Առաքելական դեսպանին հետ ներկայ էին Ս. Երկրի զանազան հարանուանութիւններու ներկայացուցիչները։ Գերապայծառ ֆրանքօ յայտնեց թէ Նորին Սրբութեան ուխտագնացութեան գլխաւոր հանգրուանները պիտի ըլլան.

՜՜ 3 պատարագներ. ‘’Երուսաղէմի մէջ. որուն կը նախատեսուի շուրջ 5 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, Բեթղեհէմ եւ Նազարէթ, ուր նախատեսուած է 40-50 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը’’։

Սրբազան Հայրը առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը պիտի այցելէ Վերջին Ընթրիքի Սրահը իսկ վերջին օրը պիտի աղօթէ Թաղման Տաճարին մէջ։ Պաշտօնական այցելութիւնները կը նախատեսեն. հանդիպում Իսրայէլի հանրապետութեան նախագահ՝ Շիմոն Բերէզին հետ եւ Պաղեստինի ազգային իշխանութեան հետ։ Իսկ միջկրօնական եւ համամիութենական հանդիպումները կը նախատեսեն տեսակցութիւն՝ Երուսաղէմի աւագ մուֆթիին հետ ու այցելութիւն նժայռի գմբէթին ,եւ աղօթք ողբի պատին առջեւ, եւ հանդիպում երկու ռաբունապետերու հետ։ Առաքելական դեսպանը ընդգծեց թէ՝ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան նպատակն է ՜՜Աստուծմէ հայցել խաղաղութեան պարգեւը Ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքին համար եւ յայտնել իր զօրակցութիւնը եւ հոգատարութիւնը հրեայ եւ Պաղեստինցի ժողովուրդին՝՝։ Հրեաներու համաշխարհային խորհուրդը կ՛ողջունէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Իսրայէլ եւ Միջին Արեւելք։ Խորհրուրդի նախագահ՝ Ռոլան Լօտերի գնահատումով՝ ՜՜այս այցելութիւնը ճիշտ ժամանակին կու գայ եւ յուզիչ ու կարեւոր դէպք մը պիտի հանդիսանայ։ Այցելութիւնը կը ներշնչէ խաղաղութիւն եւ յոյս՝՝։ Ութը օրուայ այցելութիւն մը, մայիս 8-15, կրօնական ու քաղաքական խիտ հանդիպումներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.