2009-03-11 13:55:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 11 մարտ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին, այսօր ներկայացուց Ս. Պոնիֆաչէն, որ եղած է առաքեալը Գերման ցեղին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնենք Ը. դարու մեծ առաքեալին՝ Ս. Պոնիֆաչէի վրայ` որ նաեւ կը կոչուի առաքեալը գերմանացիներուն։ Ան ծնած է Անգլիա ։ Երիտասարդ տարիքին Պենետիկտեաններու վանքը կը մտնէ եւ 30 տարեկանին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ 716 թուականին խումբ մը կրօնաւորներու հետ կը մեկնի նախ Հոլլանտա եւ ապա Հռոմ, ուր Գրիգոր Բ. Քահանայապետէն կ՛ընդունի ՜՜Աւետարանը քարոզելու՝՝ պաշտօնը Գերման ժողովուրդին։ Հոն` Ս. Պոնիֆաչէ անխոնջ նուիրումով կ՝աշխատի Աւետարանի դատին համար ի յայտ դնելով իր ամբողջ կարողութիւնները, իր առաքելական աշխատանքը կը տարածուի մինչեւ Գաղիա։ Ան Գերմանիոյ եկեղեցական նուիրապետութիւնը կազմակերպեց եւ միաժամանակ հիմնեց վանքեր, սահմանուած՝ դառնալու ՜՜կեդրոնը հաւատքի ու մշակոյթի՝՝։ 80 տարեկանին վերսկսաւ Հոլլանտայի աւետարանութեան ծրագիրը, եւ հոն նահատակուեցաւ 754 թուականին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ըսաւ. ՜՜Ս. Պոնիֆաչէի հաւատքի վկայութիւնը կը քաջալերէ մեզ, ապրելու Աստուծոյ խօսքին համաձայն եւ ջերմօրէն սիրելու Եկեղեցին ու անոր միութիւնը Պետրոսի յաջորդին հովանիին ներքեւ եւ զարգացնելու մարդը շնորհիւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսին՝՝։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք որ սերտօրէն սիրեն Քրիստոսը ու դառնան միութեան գործիչներ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ ՜՜քառասնորդացը ըլլայ բարեպատեհ առիթ մը ճշմարիտ դարձի ու քրիստոնէական ապրումի՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ Իրլանտայի խաղաղութեան ի խնդիր, խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական վատ արարքը, որուն հետեւանքով անգլիացի երկու զինւորներ սպաննուեցան եւ իրլանտացի ոստիկան մը։ Այդ քստմնելի ոճրագործութիւնը ոչ միայն կը պղծէ մարդկային կեանքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այլեւ՝ կը վտանգէ հիւսիսային Իրլանտայի խաղաղ համակեցութեան ։ Աղօթքս է որ բազմապատկուին խաղաղարար նախաձեռնութիւնները ամրապնդելու խաղաղութիւնը այդ աշխարհամասին մէջ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.