2009-03-10 13:29:32

Նորին Սրբութեան մասնակցութիւնը քաղաքապետարանի խորհուրդի նիստին,

՜՜Յաւիտենական Քաղաքը` թէեւ դարձած է բազմացեղային ու բազմակրօնական, պէտք է վերագտնէ իր քաղաքակիրթ ու քրիստոնէական արմատները՝՝ ըսաւ Սրբազան Պապը։Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաջին այցելութիւնը Հռոմի քաղաքապետարան`ջերմ ընդունելութիւն քաղաքապետութեան անձնաւորութիւններու կողմէ.


Պենետիկտոս ԺԶ. երրորդ Քահանայապետն է որ կ՝այցելէ Հռոմի քաղաքապետարանը։ Երջ. Պօղոս Զ Քահանայապետը եղաւ առաջինը, եւ ապա ՅՊԲ.՝ երկրորդը։

Պենետիկտոս ԺԶ. անհատաբար ողջունելէ ետք քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամները, իւրաքանչիւրին նուիրեց Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւն հատորը։ Սրբազան Հայրը ոսկեմատեանին մէջ ստորգարեց հետեւալ արձնագրութեամբ. ՜՜Աստուծոյ բոլոր սիրեցեալներուն ի Հռոմ՝՝ խօսք մը քաղուած Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներուն ուղղուած թուղթէն։

Հռոմի քաղաքապետ՝ Ճաննի Ալեմաննօ Սրբազան Քահայանապետին նուիրեց յիշատակելի մետալ մը եւ մագաղաթ մը որ կը հաստատէ ընկերային կեդրոնի մը հաստատումը Պենետիկրոս ԺԶ.ի անունով։ Հռոմի քաղաքապետը Իր ուղերձին մէջ հաւաստեց թէ՝ մտադիր է Հռոմ քաղաքը դարձնել անվտանգ, ՜՜քաղաքը կեանքի, հիւրընկալութեան ու յոյսի՝՝։

Իսկ Հոոմի Պապը քաղաքապետարանին նուիրեց Հռոմ քաղաքի քարտէսը տպագրուած Վատիկանի առաքելական մատենադարանէն (2000-ի Յոբելեան տարւոյն) առթիւ։ Հռոմի քաղաքապետը երաշխաւորեց Քահայանապետը ՜՜դարձնել յաւիտենական քաղաքը, մայրաքաղաք՝կեանքի եւ զօրակցութեան՝՝։ Սրբզ. Հայրը իր կարգին մաղթեց որ Հռոմ քաղաքը վերագտնէ իր քաղաքակիրթ ու քրիստոնէական արմատները, որպէսզի կարենայ զարգացնել նոր մարդաբանութիւն մը, ուր մարդը դառնայ ՜՜կեդրոնը ներկայ քաղաքակրթութեան՝՝։ Առանց Աստուծոյ մարդը կը զրկուի վերանցական իր կոչումէն։ Հռոմը , բացայայտեց Սրբզ. Քահանայապետը, ունի բազմացեղային եւ բազմակրօն դիմագիծ մը, ուր երբեմն կեանքը կը դառնայ դժուար ու բարդ։ Հռոմի կաթողիկէ համայնքը իր կարելին պիտի ընէ որպէսզի յաւիտենական քաղաքի բնակիչները պատշաճ համակեցութեամբ ապրին յարգելով հիմնական օրէնքները։ Անգամ մը եւս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քաջալերեց քաղաքի պատասխանատուները վերադառնալու՝ Հռոմի պատմութեան արմատներուն, կերտուած՝ հին օրէնքի եւ քրիստոնէական հաւատքի վրայ։ Այսպէս Հռոմ պիտի կարողանայ գտնել ՜՜ոյժը՝՝ պահանջելու իր բնակիչներէն քաղաքային համակեցութեան կանոններու յարգանքն ու գործադրութիւնը, եւ մերժել անհանդրժողութեան ու խտրականութեան բոլոր երեւոյթները։








All the contents on this site are copyrighted ©.