2009-03-10 13:31:48

Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Ձեռամբ Սարկաւագութեան Ձեռնադրութիւն Հռոմի մէջ։


Կիրակի՝ 8 մարտ 2009-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 11-ին սկիզբ առաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը զոր մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը առընթերակայութեամբ՝ գեր. Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեանի տեսուչը՝ Լեւոնեան հայ դպրեվանքին ու գեր. Հ. Միքայէլ վրդ. Ուչառի։ Ս. Պատարագին ընթացքին, ձեռամբ՝ Ամեն. հոգեւոր Տիրոջ եղբայր Լեւոն Յովհաննէսեան ստացաւ սարկաւագութեան կարգը։ Այս առթիւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նաեւ կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորներէն՝ եղբայր Գէորգ Պահեանի ու հռոմահայ գաղութէն Տիար Ումպէրթօ Ահարոնեանին։

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու եւ Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի ժառանգաւորաց երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ եյբայր Եղիշէ Ճէնճիի։

Ս. Նիկողայոս մեծ եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր Հայ հաւատացեալներով ու Իտալացի բարեկամներով։

Ս. գրային ընթերցումներէն ետք Ամեն. Հոգեւոր Տէրը հետեւեալ քարոզը արտասանեց.

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,յարգոյապատիւ Սարկաւագներ առաքինազարդ Քոյրեր, սիրեցեալ ապագայ քահանաներ, պատուական հարազատներ եւ հաւատացեալներ, յոյժ սիրելի Տէր Լեւոն եւ ազնուափայլ տիկին Յովհաննէսեան,

Այսօր կը սկսինք Քառասնորդաց շրջանին երրորդ շաբաթը, որ նուիրուած է Անառակ Որդիին։ Անառակ որդիին առակը կը պարունակէ ամէն մեղաւոր մարդու անկումներու եւ ապաշխարութեան հանգրուանները։ Ասոր համար այս առակը մեզի կը հայի, քանի մենք ալ մեղաւոր ենք։ Անառակ որդին ոչ միայն ճանչցաւ իր սխալը այլ եւ զղջումի ճամբան բռնեց։ Անոր օրինակը օգտակար է մեզի երբ յանկարծ նշմարենք որ մեղքը, որ կը կարծէինք թէ մեզի ուրախութեան եւ յաջողութեան պատճառ պիտի ըլլայ, մեզ ցեխի մէջ կը ձգէ, եւ ողորմելի կը զգանք մենք զմեզ մեր մեղաւորի վիճակին պատճառով, ճիշդ անառակ որդիի նման։ Այս առակը մեզի ցոյց կու տայ նաեւ թէ որք՜ան Աստուած գթած եւ բազումողորմ, կ՝ընդունի մեղաւորին զղջումը եւ կրկին կը հագցնէ ճերմակ պատմուճանը, որ նախապէս իրեն տրուած էր Ս. Մկրտութեան աւազանին մէջ։ Քանին՜եր, խորհրդածելով այս առակին մասին, զղջացին իրենց սխալներուն վրայ եւ վերագտան սրտի խաղաղութիւնը ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդով։ Ոմանց աչքերը արցունքով լեցուեցան սքանչացած ըլլալով Աստուծոյ անհուն սէրէն եւ անսահման գութէն իրենց հանդէպ։

Ուստի, սիրելիներս, այս շաբթուան մեր բնաբանը թո՛ղ ըլլայ. Աստուծոյ վերադառնալ անառակ որդիի նման, որպէսզի կարենանք վայելել երկնաւոր Հօր հայրական գուրգուրանքը եւ հիանալ անոր համբերութեան եւ իմաստութեան վրայ։ Ասիկա սակայն մեզմէ կը պահանջէ սրտի անկեղծ խոնարհութիւն, խոր համոզում եւ կամքի հաստատ ոյժ։

Այսօր հաւաքուած ենք նաեւ Սարկաւագութեան կարգի տուչութեան համար, ձեր սիրելի եղբայր Լեւոն Յովհաննէսեանին, ինչպէս նաեւ կիսասարկաւագութեան եւ փոքր կարգերը տալու համար սիրելի եղբայր Գէորգ Պահեանին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ խորանի սպասաւոր եւ ձեզի քաջ ծանօթ՝ Տիար Ումպերթօ Ահարոնեանին։

Սարկաւագութեան կարգը, որ քիչ առաջ փոխանցեցի եղբայր Լեւոնին, հաստատուած է Առաքեալներու կողմէ, իսկ փոքր կարգերը՝ Եկեղեցւոյ կարգադրութիւնն է։ Առաքեալներու Գործերու գիրքին մէջ կը կարդանք թէ՝ երբ հաւատացեալներուն թիւը բազմացաւ եւ անոնց կարիքները շատցան, առաքեալները ըսին. Մեզի չի վայելեր Աստուծոյ խօսքը ձգել եւ սեղաններու ծառայութիւն ընել (6,2)։ Ասոր վրայ, եօթ սարկաւագներ ձեռնադրեցին, որոնց առաջինը՝ Ստեփանոսն էր, որ առաջինը եղաւ հետեւելու իր Տիրոջ զոհաբերութեան ուղիին եւ դառնալու՝ նախավկայ Քրիստոսի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Սարկաւաներուն առաջին գործը եղաւ հոգ տանիլ այրիներուն եւ աղքատներուն, նաեւ նիւթական եւ դրամական ինչքերը մատակարարել։ Յետագային՝ անոնց պաշտօնը եղաւ Սուրբ Սեղանին կենալ Եպիսկոպոսին կամ Քահանային քով եւ անոնց աջակցիլ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աւետարանը երգել արարողութիւններուն ժամանակ։ Անկէ վերջ, արդի Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը տրամադրեց որ, ժողովրդապետի խնդրանքին վրայ, Սարկաւագը կրնայ քարոզ տալ եւ հարկաւորութեան պարագային՝ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարել։ Կանոնագիրքը կը տնօրինէ նաեւ, երբ պահանջը ներկայանայ, որ Սարկաւագը բաշխէ Սուրբ Հաղորդութիւնը հաւատացեալներուն (կան. 6103; 6772; 7091)։ Այս կարեւոր պաշտօններէն զատ, Սարկաւագը աջակից պէտք է ըլլայ ժողովրդապետին հովուական բոլոր գործերուն մէջ, անշուշտ ըստ ժողովրդապետի ցուցմունքներուն, եւ անոր հաւանութեամբ։

Սարկաւագը պարտի ամէն օր ժամասացութեան աղօթքները կատարել Եկեղեցւոյ անունով եւ փնտռել Յիսուսի մտերմութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը լիացնէ իր սիրտն ու հոգին, եւ անձնական ու մարդկային հաշիւներէ հեռու մնայ, ու կատարէ ամէն ինչ Աստուծոյ կամքին համեմատ իբր Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտ։ Ան պարտի նաեւ անընդհատ կերպով զարգանալ, որպէսզի կարողանայ ուղիղ վարդապետութիւնը ուսուցանել եւ քրիստոնեայ ճշմարտութիւնները պաշտպանել սխալ գաղափարներու եւ տարածուած թիւր հոսանքներու դէմ։ Ըստ մեծ աստուածաբան՝՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիին. Սարկաւագը վարդապետ է, այսիքն՝ ուսուցիչ եւ դաստիարակ ժողովուրդին (Մեկն. Պատ.)։ Ասոր համար, ան Սարկաւագութեան պատիւի արժանի է, քանի իր կարգը, կ՝ըսէ մեծ հայրապետ՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, մարդոցմէ չէ եւ ոչ ալ մարդու միջոցաւ այլ՝ Աստուծմէ է։ Արդարեւ, ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին, նշմարեցինք որ քահանաները իրենց աջը կը դնեն թեկնածուի ուսին վրայ իսկ ձեռնադրիչ Հայրապետը՝ անոր գլխուն վրայ, եւ կը հնչեն նշանակալից սա աղօթքը՝ ՜՜Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ՝՝ մատնանշելու համար, թէ տրուած կարգը երկնաւոր շնորհք մըն է եւ ոչ մարդկային գործ։

Մինչեւ այսօր, Արեւելեան եկեղեցիներուն մօտ տարածուած է մնայուն սարկաւագի դրութիւնը, վերոյիշեալ հարկաւոր պաշտօնները կատարելու համար։ Լատին եկեղեցին ալ, որ երկար ժամանակ մոռացութեան ձգած էր այս պաշտօնը, զայն վերահաստատեց եւ այժմ անոր մեծ կարեւորութիւն սկսած է ընծայել։ Դպրեվանքներուն մէջ Սարկաւագութեան Կարգը կը տրուի առ ի պատրաստութիւն Երիցութեան Կարգին, որ դպրեվանքին կարեւորագոյն նպատակն է, ուր նորընծան կը ստանայ տարիներու ընթացքին իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան լուրջ դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ քահանայական կեանքի կազմաւորումը իր մեծաւորներու կողմէ։

Սրտի ողջոյն մը կուզեմ ուղղել Տէր Լեւոնի, կիսասարկաւագ Գէորգի եւ Ումպերթոյի հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն, որոնցմէ ոմանք հեռուէն ժամանած են մասնակցելու համար իրենց սիրելիներուն երջանկութեան, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան դպրեվանքի պատասխանատուներու եւ ժառանաւորներու ուրախութեան, եւ, ամէնքս միասին Ամենակալ Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք բարձրացնելու քահանայակոչութեան վսեմ շնորհքին համար։

Թո՛ղ պայծառանայ Քրիստոսի Եկեղեցին։

Թո՛ղ բարգաւաճի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը։

Թո՛ղ այս տարին, որ Ս. Պօղոս Առաքեալին նուիրուած է, թող մեծ առաքեալը մեզ, եւ մեր հոգատարութեան յանձնուած ժողովուրդը, աւելի մօտեցնէ Քրիստոսին, մեր առաքելութեան նպատակակէտին, որ է նաեւ աղբիւրը մեր յոյսին եւ եռանդը մեր սիրոյն։

Թո՛ղ Քառասնորդաց այս կարեւոր շրջանը լուրջ պատրաստութիւն ըլլայ վայելելու համար Ս. Յարութեան ուրախութիւնները։

Թո՛ղ նորանոր ձեռնադութիւններով ճոխանայ մեր կղերական դասը ՜՜քանակով , բայց մանաւանդ որակով՝՝ որպէսզի կարողանանք ընդառաջել մեր համաշխարհասփիւռ համայնքներու կարիքներուն, բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Աստուածածնի եւ բոլոր մեր Սուրբերուն. Ամէն։

Յաւարտ Սրբզ. արարողութեանց եւ ներկաներու շնորհաւորութիւններուն, հիւրերը ուղղուեցան Եկեղեցւոյ կից Լեւոնեան հայ Դպրեվանքի դահլիճը ուր պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն մը։

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ նոր սարկաւագ՝ Տէր Լեւոն Յովհաննէսեանը մաղթելով որ հասնի քահանաղութեան կարգին, կը շնորհաւորէ նաեւ եղբայր Գէորգ Պահեանը եւ Ումպէրթօ Ահարոնեանը. ու նաեւ անոնց հարազատները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.