2009-03-10 12:29:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Մարտ 9էն13ի միջեւ Երեւան կը գտնուի ՆԱԹՕի Միջազգային եւ Ռազմական անձնակազմի համատեղ պատուիրակութիւնը, Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու իրականացման ընթացքին գնահատման նպատակով։ ՆԱԹՕի պատուիրակութեան ու Հայաստանի գերատեսչութիւններու փորձագէտները պիտի քննարկեն նախատեսուած՝ քաղաքական, ռազմական, ժողովրդավարական, օրէնսդրական, իրաւական, ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման, անվտանգութեան, տնտեսական, գիտական, բնապահպանման եւ այլ ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու՝ ընթացքն ու հեռանկարները։



Հարկային պարտականութիւններու կատարումը ստուգելու համար, Հայաստանի Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնաժողովը այսօր (Մարտ 10ին) Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէին յղեց առեւտուրի այն վաճառատուներուն տուեալները, ուր տոլարի փոխարժէքի տատանման պատրուակով, Մարտ 3-6ի միջեւ արձանագրուած էր ապրանքա-տեսակներու գիներու ապօրինի աճ։

Ցանկը ղրկուած է այդ վաճառատուներուն մէջ մանրամասն ստուգումներ կատարելէ ետք, երբ հաստատուած էր, թէ մարզերուն մէջ շաքարը , կարագը, ձէթը, բրինձը եւ ալիւրը կը վաճառուէին համեմատաբար աւելի բարձր գիներով, քան մայրաքաղաքի արդէն բարձրացած գիները։ Նոյն ժամանակ, ալիւր մատակարարող հաստատութիւնները նուազեցուցած են ալիւրի մատակարարման գիները, զանոնք հաւասարեցնելով նախքան դրամի արժեզրկման գիներուն։ Նաեւ նուազած է շաքարի գինը։ Իսկ Դեղերու, կենցաղային սարքաւորումներու, ձէթի եւ կարագի շուկաներուն մէջ, ստուգումները տակաւին ընթացքի մէջ են։



ԹԻՖԼԻՍ - Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի Մարտ 9ին ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, թէ Վրաստանի իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնն է տնտեսութեան քայքայման կանխումը, իսկ այդ նպատակին հասնելու համար, միակ գրաւականը քաղաքական կայունութիւնն է։ ՝՝Civil Georgia՝՝ թերթը հաղորդած է, թէ Սահակաշվիլի համոզում յայտնեց այն մասին, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը քայքայուեցաւ քանի մը շաբաթուան ընթացքին եւ երկիրը սնանկացաւ, որովհետեւ ան կախեալ էր ռուսական շուկայէն, իսկ երբ ռուսական շուկան կործանեցաւ, նոյն ճակատագիրը անխուսափեի եղաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան։



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ- Արժոյթի միջազային հիմնադրամի (ԱՄՀ) Գործադիր խորհուրդը անցեալ Ուրբաթ օր հաստատած է Հայաստանին տրամադրուելիք 28ամսեայ 540 միլիոն տոլարի օժանդակութեան վարկային ծրագիրը, որ պիտի օգտաործուի միջազգային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղուած նպատակներու համար, ինչպէս՝ ազգային արժոյթի եւ դրամական համակարգի նկատմամբ վստահութեան վերականգնման եւ կարիքաւոր խաւերու պաշտպանութեան ծրագիրներու։Հայաստանին անմիջապէս պիտի յատկացուի 237 միլիոն տոլար, իսկ վարկի մնացած գումարը պիտի տրամադրուի 9 մասնավճարներով՝ ըստ եռամսեակային դիտարկումներու։



Մայիս 11-ին տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Միջազգային Եւրոպական շարժման Գլխաւոր քարտուղար Հենրիկ Կրոները։ Ըստ հայաստանեան խորհուրդի հաղորդագրութեան՝ Հ .Կրոները պիտի մասնակցի Եւրոպայի Օրուայ շրջանակներու ծիրէն ներս Հայաստանի Եւրոպական շարժման կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, մասնաւորապէս՝ պիտի յանձնուի Տարուայ լաւագոյն եւրոպացի եւ Տարուայ լաւագոյն եւրոպական ներդրում համա-եւրոպական մրցանակները՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն։



ՏԱՊԼԻՆ- Իրլանտական ՝՝Metro Eireann՝՝ թերթը իր վերջին համարով հրատարակած է Հայաստանի նուիրուած հաւելուած մը, որուն մէջ լոյս տեսած է Իրլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի ընդարձակ հարցազրոյցը։Հարցազրոյցին ընթացքին հայ դեսպանը անդրադարձած է հայ-իրլանտական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին եւ Իրլանտայի մէջ փոքրաթիւ հայ համայնքի գործունէութեան առնչուող հարցերուն։ Յատուկ յիշատակութեան արժանացած են Տապլինի մէջ Չեսթէր Բեթ գրադարանէն ներս պահուող հայկական միջնադարեան ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ 1988ի երկրաշարժէն ետք իրլանտացիներուն կողմէ Հայաստանի ցուցաբերուած օգնութիւնը։ Վահէ Գաբրիէլեան մանրամասն կերպով անդրադարձած է նաեւ արցախեան հիմնահարցի արմատներուն եւ բանակցային գործընթացին, ինչպէս նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքով ձեւաւորուած Սփիւռքի ու Հայաստանի յարաբերութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.