2009-03-09 13:39:14

Լուրեր հայ աշխարհէն

Լիբանան- Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հիմնադրութեան

70-ամեակին առիթով՝ շնորհահանդէս ՜՜դպրոցականին Աղօթագիրքն ու Երգարանը՝՝ հատորին


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ Դպրոցականին Աղօթագիրքն ու Երգարանը նորատիպի շնորհահանդէսը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ՜՜Մեսրոպեան Լրաբեր՝՝ պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիր եւ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Տիկ. Կարինէ Թաշճեան որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ողջունելով աշակերտութեան կեանքին մէջ նորատիպի մը մուտքը, տուաւ բացատրականը ընդհանրապէս շնորհահանդէսի իմաստին։ Այնուհետեւ, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան քահանայ հօր՝ Տէր Կարապետ Թադէոսեանին գրքոյկի ստեղծման մտայղացման, անոր մէջ տեղ գտած բոլոր աղօթքներու եւ երգերու հաւաքման՝ համբերատար եւ սիրայօժար աշխատանքին համար։ Նորատիպը ձօնուած էր հանգուցեալ Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեանի յիշատակին որուն մասին Տիկ. Թաշճեան ամփոփ կէտերու մէջ խօսեցաւ ներկայացնելով հանգուցեալ վարդապետին կեանքը ՜՜վարդապետը, եղած էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի վաստակաշատ տնօրէններէն՝ 1969 թուականէն մինչեւ 1981՝՝։ Խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնը Պր. Կրէկուար Գալուստ , որ ողջունեց ներկաները, եւ ըսաւ. ՜՜Այս տարի կը լրանայ մեր կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Այս փառապանծ յոբելեանին առիթով, վարժարանիս տնօրէնութիւնը ձեռնարկած էր յոբելենական հանդիսութիւններու շարքի մը, որուն մէջ անպայման ուրոյն տեղ պիտի ունենար նաեւ հոգեւոր բաժինը։ Հոգեւորը մեր վարժարանին հիմքն է, ըսաւ ան, եւ անիկա կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ մեր առօրեային՝ մեր վարժարանի կարեւոր մէկ բաղադրամասը ըլլալով՝՝։

Իր խօսքին մէջ տնօրէնը յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արժ. Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանին՝ ու Գեր. Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանին, որոնց աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ հրատարակել սոյն աղօթագիրքը։ Այս առթիւ նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Աղօթագիրքի ներկայացման համար Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան բեմ հրաւիրուեցաւ, ան ըսաւ. ՜՜Միայն մարդ արարածն է, որ իր կարողութեամբ եւ գիտութեամբ, ներքին եւ արտաքին կարիքով կանչուած է աղօթքի։ Աղօթքը սէր է եւ սիրոյ երկխօսութեան նշան, որ միեւնոյն ատեն կամրապնդէ յարաբերութիւնը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ՝՝։ Անդրադառնալով գրքի բովանդակութեան Հ. Մեսրոպ ըսաւ.՜՜ Այս գիրքը հաւատացեալին կը ներկայանայ փունջ մը աղօթքներով ու բնագիրներով, որ համեմուած են սաղմոսներով, շարականներով, ծննդեան եւ սուրբերու նուիրուած տաղերով՝՝։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան նաեւ աւարտական դասարանի աշակերտները։

Ապա Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անունով, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Գեր. Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան։ Ան ըսաւ. ՜՜Իբրեւ հայ, քրիստոնեայ, այսօր կը տեսնենք ծնունդը գեղեցիկ աղօթագիրքի մը, որ մեզի համար զէնք պիտի ըլլայ, դիմագրաւելու աշխարհին արհաւիրքները։ Եթէ այսօր տակաւին կայ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, ուրեմն տակաւին կան ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝՝։ Յիշեցնելով՝ որ գիրքը կը ձօնուի Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան միաբաններէն մէկուն, որ հոգեւոր աշխատանքով զբաղելէ զատ նաեւ կը զբաղէր գրելով, Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ. ՜՜Մենք իբրեւ Մեսրոպեանի աշակերտներ, պիտի մնանք իբրեւ ճշմարիտ հայեր եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ, ինչպիսին էր հանգուցեալ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Ճուրեան։ Աղօթքս է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ապրի իր հաւատքն ու հայութիւնը՝՝։

Գինեձօնին յաջորդեց վարժարանի Նախկին Սաներու Միութեան նորոգուած՝ կեդրոնին բացման արարողութիւնը։





Գանատա- Հայ Օգնութեան Միութեան Օրուան նշում՝ Թորոնթոյի մէջ

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցած է վերջերս Հայ օգնութեան միութեան օրուան եւ Թորոնթոյի Ռուբինա մասնաճիւղի 46րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը ։ Խօսք առած է ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Սիւզան Նաճարեան որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած է մասնաճիւղին գործունէութիւնը՝ անգամ մը եւս շեշտելով ՀՕՄի առաքելութիւնը։

Ռուբինա մասնաճիւղը ունի աւելի քան 400 անդամ։ Օրուան բանախօս Ժան Հալլաճեան շեշտը դրած է մասնաւորաբար իր գործունէութիւններու ընթացքին ՀՕՄուհիներու հետ ունեցած յարաբերութեան ու գործունէութեան վրայ քաջալերելով նոր սերունդը, որ ՀՕՄի ճամբով եւ ՀՕՄի տեսլականով ծառայէ հայ ժողովուրդին։

Այս առթիւ կատարուած է նաեւ ՀՕՄին 15, 25 եւ 35 տարիներ ծառայութիւն ունեցողներուն առ ի գնահատանք զարդասեղներու պարգեւատրումը ու գործադրուած՝ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Հուսկ Բանքը արտասանած է Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մեղրիկ Ծ վրդ Բարիքեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.