2009-03-08 17:46:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ


Յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ՝ որ կը զուգադիպի Ծաղկազարդի Կիրակիին (Ապրիլ 5) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ կաթողիկէ երիտասարդներէն որ հեռանան յոռի եւ վատ դաստիարակիչներէն, վարժապետներէն եւ թիւր երազներէ ինչպէս ՜՜արծաթսիրութիւնն ու պաշտօնի ու դիրքի նիւթապաշտութիւնը՝՝։

Յոյսի տագնապը աւելի կը հարուածէ նոր սերունդը, որ կ՛ապրի ընկերամշակութային վատառողջ միջավայրի մը մէջ, զուրկ՝ արժէքներէ եւ կանչուած՝ դիմագրաւելու դժուարութիւններ որոնք իր ոյժերէն վեր են, կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը։ 2009-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է. ՜՜ Մեր յոյսը դրած ենք ողջ Աստուծոյ վրայ՝՝ քաղուած Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղուած թուղթէն։

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ որոշ խոչընդտոտներ որոնք աննուաճելի կը թուին, ինչպէս. ՜՜Ուսում ստանալու դժուարութիւն, աշխատանքի պակաս, ընտանեկան անհասկացողութիւն նաեւ դժուարութիւններ բարեկամներու հետ կապ հաստատելու կամ նոր օճախ կազմելու, հիւանդութիւն ու եկամուտի պակաս որպէս հետեւանք տնետեսական կամ ընկերային տագնապին՝՝։ Յոյսի ջահը վեր պահելու համար, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ երիտասարդները որ կապ հաստատեն Տիրոջ հետ աղօթքի միջոցաւ։ Աղօթքը ,կ՛ըսէ Հռոմի Պապը, Ս. Հոգւոյն շնորհքն է, որ մեզ կը դարձնէ յոյսի մարդիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.