2009-03-08 17:46:34

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՝այցելէ Իտալիոյ Փուլիա Մարզը։


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՝այցելէ Իտալիոյ Փուլիա Մարզը։

Ամեն եւ Գեր. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ընդառաջելով՝ Թարանթոյի Արք. գեր. Պէնինիօ Լուիճի Բաբա-ի հրաւէրին, այսօր Ուրբաթ 6 Մարտ ժամանեցին Իտալիոյ Փուլիա մարզը ուր Ամեն. Հոգեւոր Տէրը այցելելց Թարանթոյի Հայոց հնագոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան նուիրուած եկեղեցին որ կը գտնուի քաղաքի պատմական կեդրոնը, Մոնթէօլիվէթոյի Սրբավայրի դիմաց ։ Հիւր պատուիրակութիւնը Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ երեկոյեան Մարթինա ֆրանքայի հրապարակէն հետիոտն պիտի ուղղուի ՜՜Սան Մարթինոյ՝՝ի նուիրուած տաճարը ուր պիտի ընդունուի պազիլիքայի Տեսուչ գերպ. ֆրանքօ Սէմերարոյի կողմէ։ Հոն Ամեն. Հոգ. Տէրը պիտի նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ յետ իր հոգեշահ քարոզին Աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած եկեղեցւոյ համար , աշխարհի խաղաղութեան ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու համար։ Այս առիթով հոն հաւաքուած ներկաներուն իրենց խօսքը պիտի ուղղեն Մարթինա ֆրանքայի քաղաքապետը՝ ֆրանքօ Բալացցօ-ն։ Իսկ Մարթինայի ՝՝Lions՝՝ ակումբի մէջ Ամեն Հոգեւոր Տէրը ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում կ՝ունենան տեղւոյն Սուրբ Անդրէասի Հայերը հայ-կաթողիկէ Ընկերակցութեան նախագահ Եդուարդ Թադեւոսեան-ի եւ սոյն ակումբի նախագահ՝ Տինօ Մարանկիի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.