2009-03-07 12:25:32

Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հոգեւոր կրթութիւնը։


Մարտ 1-7 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւ իր անմիջական գործակիցները հոգեւոր կրթութիւն կատարեցին։

Այս տարուայ՝ ( 2009-ի) քարոզիչն էր կարտինալ ֆրանսիս Առինձէ, երբեմնի կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու խորհրուրդներու մատակարարման ժողովին։

Հոգեւոր կրթութեան նիւթը եղաւ.՜՜Քահանան կը հանդիպի Յիսուսին ու անոր կը հետեւի՝՝։

Այս բոլոր շաբթուան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առանձնական կամ հրապարակային ոչ մէկ ունկնդրութիւն շնորհեց։

Կարտինալ Առինձէ, օրական երկու խորհրդածութիւն տուաւ, մէկը առաւօտուն իսկ երկրորդը յետմիջօրէին, Վատիկանի՝ Փրկչին Մայրը անուան մատրան մէջ։

Այսօր՝ (Շաբաթ 7 մարտ 2009) առաւօտեան, հոգեւոր կրթութիւնը վերջ գտաւ ՜՜Առաւօտեան ժամասացութեամբ եւ Սրբազան Քահայանապետի մէկ խորհրդածութեամբ՝՝։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ, շեշտը կը դնէ յոյսի տագնապին վրայ, որպէս հետեւանք ՜՜ընտանեկան դաստիարակութեան բացակայութեան ու ծնողներու թոյլատու վարուելակերպին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.