2009-03-05 13:34:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու անոր անմիջական գործակիցներու հոգեւոր կրթութիւնը։


Խաչեցեալ եւ ապա յարուցեալ Քրիստոսի աւետիսը եւ Ս. Գրքի ըմբռնումը գլխաւոր նիւթերը եղան կարտինալ Առնձէի քարոզներուն ուղղուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։ Տարեկան հոգեւոր կրթութիւնը կը զուգադիպի քառասնորդացի առաջին շաբթուան հետ ։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է (ինչպէս ըսինք) Կարտինալ Առինձէ որուն առաջին խորհրդածութեան նիւթը եղաւ. ՜՜ընդունիլ Քրիստոսի կանչը եւ անոր ետեւէն քալել՝՝։ Ապա կարտինալը խօսեցաւ ներքին լռութեան եւ առօրեայ զբաղումներէն անջատումի նիւթին մասին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Պարիի սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ բանալիին Մոսկուայի օրթոտոքս պատրիարքութեան վերայանձնումին առթիւ։



Իտալիոյ Պարի քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ բանալիին վերայանձնումը տեղի ունեցաւ մարտ մէկին, ներկայութեամբ՝ Իտալիոյ եւ Ռուսիոյ հանրապետութեան նախագահներուն։ Որպէս Քահանայապետի պատուիրակ Կարտինէալ Սալվատորէ Ճիորճի ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան եւ կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կը գրէ. ՜՜Այս գեղակերտ Եկեղեցին կ՛արթնցնէ մեր հոգիներուն մէջ, յիշատակը՝ Եկեղեցւոյ կատարեալ միութեան. նոյնպէս եւ միաժամանակ կը յարուցանէ մեր սրտին մէջ յանձնառումը աշխատելու՝ Քրիստոսի բոլոր աշակերտներու միութեան համար։ Կարտինալ Սալվատորէ Ճիորճի իր կարգին ընդգծեց արեւելեան աշխարհի ներկայութիւնը այս քաղաքին մէջ եւ անոր բնակիչներու համամիութենական զգացումը։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ նաեւ կը մատնանշէ Ռուս ժողովուրդին սէրը եւ բարեպաշտութիւնը հանդէպ՝ Նիկողայոս մեծ սուրբին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.