2009-03-05 13:38:45

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ատրպեճանական պատկերասփիւռը պիտի հեռարձակէ Հայերէն Հաղորդումներ


Ատրպէյճանի Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ազգային խորհուրդի նախագահ Նուշիրվան Մահառամլի յայտարարած է որ շուտով Ատրպէյճանի մէջ պիտի բացուի պատկերասփիւռի միջազգային սեփական ալիք մը, որ պիտի արձակէ անգլերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, թրքերէն ու նաեւ հայերէն հաղորդումներ։



Ոչ Եւս Է արուեստագէտ Սուրէն Չանչուրեան

Չորեքշաբթի 4 Մարտ 2009ին, իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, անուանի պարուսոյց 72 ամեայ Սուրէն Չանչուրեան։

Հանգուցեալը 1993ին ստանձնած էր Հայաստանի պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը եւ նուիրուած անոր վերածնունդի գործին՝ իր շուրջ համախմբելով պարի նուիրեալները։ Արմէնփրէս լրատու գործակալութիւնը Չանչուրեանի մահուան լուրը հաղորդելով նշած է նաեւ ՜՜Շնորհիւ Չանչուրեանի, Հայաստանի պարի պետական անսամբլը իր անզուգական պարային բեմադրութիւններով, նուաճել է գրեթէ ամբողջ աշխարհը



Հ. Սահակ եպ.Կոգեանի դիւանային երկասիրութեանց նուիրուած հատորի ներկայացում։

Լիբանան։ Այնճարի, Ազգային Յառաջ վարժարանի Մուսա Լեռ սրահին մէջ, Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հայր Մեսրոպ Թօփալեանի (Մեսրոպ Հայունի) կողմէ հրատարակուած վերջին հատորի շնորհահանդէսը՝ 2008-ին հրատարակուած։ Ստուար հատոր մը նուիրուած՝Հ.Սահակ եպ. Կոգեանի դիւանային երկասիրութեանց (685 էջ)։Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, միութեանց եւ կոմիտէի ներկայացուցիչները, եւ մեծաթիւ հայորդիներ, եւ բնականաբար նաեւ գիրքի հեղինակը Հ.Մեսրոպ վրդ Թօփալեան որ հոգեւոր հովիւն է Այնճարի կաթողիկէ հայոց։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Պ Սեւակ մասնաճիւղի ատենապետը Յակոբ Այնթապլեան, որ անդրադարձաւ Մեսրոպ Հայունիի գրական բեղուն գործունէութեան՝ յայտնելով, որ՝ Այսօրուան հատորը վարդապետին հրատարակած գործերուն 43-րդն է, մինչ կան տակաւին հրատարակութեան պատրաստ շուրջ 15 գործեր Վերջին քանի մը տարիներուն, Այնճարի մէջ վարդապետը հրատարակած է իր գործերէն ինը հատոր՝ գործունէութեան բեղուն շրջան մը բոլորելով. ան բարձր գնահատեց Հ.Մեսրոպ Թօփալեանի գրական գործունէութիւնը։ Մեսրոպ Քենտիրճեան

Ներկայացուց հատորը բազմաթիւ մէջբերումներ կատարելով: Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ապա տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնի արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն եւ հեղինակին։ Աշոտ քհնյ Գարագաշեանի օրհնութեամբ հատորը գինիով օծուեցաւ յատուկ աղօթքով մը եւ իբրեւ անակնկալ՝ ներկայացուեցաւ յատուկ աղօթք մը Լիա Գէօհիւլեանի կողմէ (դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօսէ Այնթապլեանի), որուն բառերը հայր Մեսրոպ Թօփալեանի կը պատկանէին։ Ձեռնարկի աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Պ Սեւակ մասնաճիւղի վարչութեան, մշակութային յանձնախումբին եւ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն եւ ապա մակագրեց գրքերը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն՝ Այնճարի հայ կաթողիկէ Տիկնանց միութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.