2009-03-05 13:58:12

4 Մարտ 1922ին՝ կը հրապարակուէր Հայերէնի Խորհրդային Ուղղագրութիւնը Պարտադրող Հրամանագիրը։


4 Մարտ 1922ին՝ կը հրապարակուէր Հայերէնի Խորհրդային Ուղղագրութիւնը Պարտադրող Հրամանագիրը։

1922ին՝ Հայաստանի խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները 4 Մարտին հրապարակուած հրամանագիրով մը ( ՝՝դեկրետ՝՝ով մը՝) պետականօրէն ու պաշտօնապէս հանրապարտադիր կը հռչակէին հայերէնի նոր ուղղագրութիւն մը։ Սկզբնապէս ՝՝աբեղեանական՝՝ յորջորջուած, աւելի ուշ ՝՝հայաստանեան՝՝ անուանուած եւ այսօր արդէն ՝՝պոլշեւիկեան՝՝ նկատուող այդ ուղղագրութիւնը, նոյնիսկ եթէ լեզուաբանական եւ գիտական առումով հիմնաւոր նախադրեալներ ունէր, այսուհանդերձ՝ պետականօրէն պարտադրուելով, էապէս եւ գերազանցապէս քաղաքական քայլ մը եղաւ։ Պառակտիչ քայլ մը՝ որուն միջոցաւ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը արմատական հարուած հասցուց հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութիւնը վերականգնելու ճիգերուն, նուիրագործելով խզումը հայութեան հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ, արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան միջեւ, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ։ Օրին իսկ բուռն եղաւ ընդդիմութիւնը ՝՝սխալագրութիւն՝՝ խարանին արժանացած ՝՝դեկրետային՝՝ այդ ուղղագրութեան դէմ։ Ոչ միայն սփիւռքի տարածքին ազգային-քաղաքական անհաշտ պայքար ծաւալեցաւ ազգային մեր միասնականութեան սպառնացող վտանգին դէմ, այլեւ նոյնինքն Խորհրդային Հայաստանի մէջ գիտական ազդու ընդդիմախօսութիւն թափ առաւ նորամոյծ ուղղագրութեան նկատմամբ։ Այլապէս ու ամէն պարագայի հայոց լեզուի եւ գրականութեան հսկաներէն հանդիսացող Մանուկ Աբեղեանի լեզուագիտական հիմնաւորումներու չարաշահումով յառաջ քշուեցաւ ՝՝դեկրետ՝՝ ի ուղղագրութեան պարտադրումը՝ լենինեան ձեռնասուններուն կողմէ։ Մինչ Աբեղեանին կը յուզէր հայերէնի ուղղագրութիւնը պարզացնելու՝ ՝՝ինչպէս կը հնչենք, այդպէս ալ գրենք՝՝ի տրամաբանութիւնը, բայց խորհրդային նորահաստատ իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները հիմնովին տարբեր էին, եւ թէ պոլշեւիկեան դաւանամոլական ներշնչում ունէին։ Այժմ 87 տարիներ անցան , անշո՛ւշտ, շատ շատ երկար ժամանակ է եւ պոլշեւիկեան ուղղագրութեամբ ամբողջ սերունդներ թրծուած են ու հրատարակչական հարուստ ժառանգութիւն կուտակուած է։ Մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գիծ քաշել այդ բոլորին վրայ եւ... զերոյէն վերսկսիլ։ Բայց Հայաստանի

վերանկախացումով եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով սկսած հայ ժողովուրդի մերօրեայ երթը չի կրնար ազգային միաւորման ուղղութեամբ հիմնարար քայլեր նետել՝ եթէ ազգային համաձայնութեան նոր տարազը չհամախմբէ մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակները՝ Հայոց Պետական Տան միաւորող կռուանին շուրջ։

Միաւորում՝ Միացեալ ու Ամբողջական Հայաստանի տեսլականով, որուն ժողովրդային ու համազգային ընկալման ու հետապնդման համար, առաջնահերթաբար պէտք ունինք Հայերէնի Միասնական ուղղագրութեան վերականգնումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.