2009-03-04 14:09:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի քաղաքապետարան։


Ընդառաջելով Հռոմի քաղաքապետի պաշտօնական հրաւէրին, Երկուշաբթի 9 մարտ 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Գամբիտոլիօ կոչուած քաղաքապետարան, եւ որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ արտակարգ նիստ մը նուիրուած. Հռոմ տիեզերական քաղաք նիւթին մասին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Հռոմէացի Օպլադներու մենաստանը, որ կը գտնուի քաղաքապետարանի կից։ Պենետիկտեան մենաստանը հիմնուած ու նուիրուած է սրբուհի ֆրանչեսքային, որուն տօնը կը զուգադիպի մարտ 9-ին։ Ի դէպ, սրբուհի ֆրանչեսքան պաշտպան սրբուհին է բոլոր վարորդներուն։



Արխենթինայի եպիսկոպոսներու կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մարտ 9-21 պիտի ընդունի Արխենթինայի եպիսկոպոսական հանմահաւաք դասի եպիսկոպոսները, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։ 

Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը կը մեծարէ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի յիշատակը, անոր Քահանայապետ ընտրութեան 60 ամեակի տարեդարձին առթիւ։ Պիոս ԺԲ, 20-րդ դարու մեծագոյն Քահանայապետներէն մէկն է։

Մինչ Վատիկանը անցեալ հոկտեմբերին’ մեծ շուքով մեծարեց յիշատակը Պիոս ԺԲ Քահանայապետին անոր մահուան 50ամեակին առթիւ, Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերը Օսսերվաթորէ Ռոմանօ դարձեալ կը մեծարէ յիշատակը Պիոս ԺԲ Հռոմի մեծ Պապին, անոր քահանայապետութեան 60ամեակին առթիւ։

Արդարեւ անցեալ մարտ 2ին Օսսերվաթորէ Ռոմանօ` Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի տնօրէնը իր խմբագրականին մէջ կը գրէ թէ ՜՜Պիոս ԺԲ` Քահանայապետը երկրորդ աշխարհամարտին, լռութեամբ գործեց, կարելի չափով մարդկային էակներ փրկելու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու մէջ՝՝ ։ Օսսերվաթորէ Ռոմանօյի տնօրէնը կ՛ընդգծէ թէ ՜՜Պիոս ԺԲ Քահանայապետին խաղաղութեան ի խնդիր տարած աշխատանքը բոլորէն ճանչուեցաւ. սակայն ժամանակին ընթացքին մոռացութեան ենթարկուեցաւ։ Օրաթերթի՝ Մարտ 2-ի թիւին մէջ, Պիոս ԺԲ –ի’ 3 մարտ 1939-ի առաջին ռատիոպատգամը մէջբերուած է ինչպէս նաեւ՝ 20 հոկտեմբեր 1939ի շրջաբերական առաջին թուղթի կարեւոր մասերը եւ յօդուած մը ժամանակի միջազգային մամուլի հակազդեցութիւններու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.