2009-03-04 14:12:59

Լուրեր հայրենի կեանքէն

Սօս Սարգսեան եւ Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած


Հ Հ մշակոյթի նախարարութիւնը արուեստներու երաշտաւորի բարձրագոյն տիտղոսով պարգեւատրեց վաստակաւոր արուեստագէտ՝ Սօս Սարգսեանը եւ նշանաւոր գրող՝ Պերճ Զէյթունցեանը, Արուեստի ու գրականութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի մատուցած իրենց բազմամեայ ծառայութիւններուն եւ ստեղծագործական գործունէութեան համար եւ անոնց յանձնուեցաւ Անահիտ յուշանուէրը։

Յանձնումի հանդիսութեան ընթացքին Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտարարեց, որ այս տարուընէ սկսեալ այդ տիտղոսը պիտի տրուի արուեստի եւ գրականութեան բնագաւառներուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած նուիրեալներուն, որոնք իրենց աշխատանքով զարգացուցած են հայկական մշակոյթն ու արուեստները։ Հայազգի այս երկու արուեստագէտները նաեւ ստացան մրցանակներ Հայ մշակոյթի զարգացման հիմնադրամին կողմէ։ Անոնք ստացան նաեւ Միջազգային հայկական Կարօտ փառատօնին գլխաւոր պարգեւը՝ Ֆրիտ Սողոմոնեանի հեղինակած Կարօտ արձանիկները։ Վաստակաւորներուն տրուեցաւ նաեւ իրենց ուզած վայրը ճամբորդելու առաջին կարգի օդանաւային տոմս։ Այս առթիւ Հայ մշակոյթի հիմնադրամը նախարար՝ Յասմիկ Պօղոսեանին արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար պատուեց զինք ՜՜Կարօտ՝՝ ոսկի մետալ՝՝ով։



ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ ՜՜Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում՝՝ գիրքին շնորհահանդէսը։

Երեւանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան (ԱԸՀՆ) ժողովասրահին մէջ կայացաւ Հայաստանի ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած ու լոյս տեսած ՜՜Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում՝՝ համապարփակ տեղեկատու գիրքին շնորհահանդէսը։ Հանդիսութեան կը

մասնակցէին Հայաստանի փոխվարչապետը, նախարարներ, Ազգային ժողովի յանձնախումբերու նախագահներ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ու ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները եւ պետական ու պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ։ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը որոշում կայացուցած է ստեղծելու մանուկներու պաշտպանութեան ձեռնհաս եւ ազդու կառոյց մը որպէսզի քննարկէ եւ ճշդէ ներկայիս ընկերային ապահովութենէն եւ հասարակական ծառայութիւններէն մանուկներուն հասած անբաւարար օգնութեան պատճառները եւ այս պարտականութիւնը տուած է ՀՕՄ-ին ։ Նկատի ունենալով, որ մանուկներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղող գլխաւոր դերակատարներու (ԱԸՀՆ)ի համագործակցութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի, ՀՕՄ-ի այս ուղեցոյցին հեղինակները անոր շնորհահանդէսը օգտագործեցին երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, միջին օղակներու ղեկավարներն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը ի մի բերելու՝ լսելի դարձնելու համար այս հրատապ խնդիրը, եւ համապատասխան տեղեկատուութիւններով արծարծելու հանրապետութեան ընկերային ծառայութիւններու որակի բարձրացման օրակարգը։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.