2009-03-03 15:14:44

Քրիստոնէական Վարդապետութեան ուսուցում

Զրոյց 32-րդ Մկրտութեան արդիւնքները


261-Փրկուելու համար Մկրտութիւնը անհրաժե՞շտ է։

Մկրտութիւնը անհրաժեշտ է անոնց համար՝ որոնց Աւետարանը քարոզուած է եւ ատակ են Մկրտութիւնը խնդրելու։



262-Կարելի՞ է փրկուիլ առանց Մկրտութեան։

Քանի որ Քրիստոս բոլո՛ր մարդոց փրկութեան համար մահացաւ, հետեւաբար առանց Մկրտութեան կրնան փրկուիլ նաեւ անոնք որոնք հաւատքին համար կը մեռնին` արեան մկրտութիւն, անոնք որ մկրտութեան կը պատրաստուին` երեխաները, ինչպէս նաեւ անոնք որ շնորհքէ մղուած եւ առանց Քրիստոսը եւ Եկեղեցին ճանչնալու, անկեղծօրէն Աստուած կը փնտռեն եւ կը ջանան Անոր կամքը կատարել` փափաքի մկրտութիւն։ Իսկ առանց Մկրտութեան մահացած երեխաները Եկեղեցին իր ծիսակատարումին միջոցին՝ զանոնք Աստուծոյ բարեգթութեան կը յանձնէ։



263-Որո՞նք են Մկրտութեան արդիւնքները։

Մկրտութիւնը արձակում կու տայ սկզբնական մեղքին եւ բոլոր անձնական մեղքերուն, ինչպէս նաեւ մեղքին հետեւանք պատիժներուն։ Ան մեզ աստուածային երրորդութենական կեանքին մասնակից կը դարձնէ շնորհիւ սրբարար շնորհքին եւ արդարացումի շնորհքին, որ մեզ Քրիստոսի մարմինին ու Եկեղեցիին անդամ կ՛ընէ։ Մկրտութիւնը մեզ մասնակից կը դարձնէ Քրիստոսի քահանայութեան եւ սկզբնակէտ կը ծառայէ բոլոր քրիստոնեաներուն հետ մեր միութեան։ Ան աստուածաբանական առաքինութիւնները եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները կը բաշխէ։ Մկրտեալը ցմիշտ կը պատկանի Քրիստոսի. ան Քրիստոսի անջնջելի կնիքով կը դրոշմուի դրոշմագիր։



264-Մկրտութեամբ տրուած քրիստոնեայ անունը ի՞նչ նշանակութիւն կը զենու։

Ամէն անուն կարեւոր է, քանի որ Աստուած ամէն մէկը իր անունով կը ճանչնայ, այսինքն՝ իր միակութեամբ։ Իսկ Մկրտութեամբ, քրիստոնեան Եկեղեցւոյ մէջ իր յատուկ անունը կունենայ, որ նախընտրաբար սուրբի մը անունն ըլլալու է, որպէսզի մկրտեալին համար սրբութեան օրինակ ծառայէ եւ Աստուծոյ մօտ անոր բարեխօսն ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.