2009-03-03 13:52:03

Լուրեր հայ աշխարհէն

Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը,Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցասէր միութեան։


Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցասէր միութեան։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Յունահայոց եկեղեցական քաղաքական ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ մշակութային կազմակերպութիւններու ու բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ մեծ թիւով ազգակիցներ։ ՀՀ քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիար Ռուբէն Ռուբէնեան որ անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտին հետ կապակցութիւն ունեցող երեք կէտերուն. Հայաստանի քրիստոնէացման 301 թուականի եղելութեան։ Հայոց գիրերու հրաշագործ գիւտին, որ տեղի ունեցաւ 401 թիւին. ու Վարդանանց պատերազմին 451 թիւին, նշելով թէ անիկա երկրորդ մկրտութիւնն էր քրիստոնեայ Հայ ազգին, որ կնքուեցաւ Ղեւոնդեանց սուրբերուն արիւնով ՜՜վասն կրօնից եւ հայրենեաց՝՝։ Յայտագիրը կը բովանդակէր շարք մը ասմունքներ նուիրուած՝ Վարդանանցի դիւցազներուն։ Օրուան բանախօսը՝ տիկ. Նուարդ Չալեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Վարդանանց պատերազմի պատմական տուեալները եւ դրդապատճառները։ Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Փետրուարին մէջ յիշատակուող կարեւոր պատմական եղելութեան, որ կը յիշուի որպէս Փետրուարեան ապստամբութիւն։

Բանախօսութեան աւարտին, վարչութեան ատենապետը՝ պրն Արա Գիրազեան պարգեւատրումի եւ յիաշատակի նուէրներ յանձնեց օրուան բանախօս տիկ. Նուարդ Չալեանին եւ Հայասա ասմունքի խումբի ղեկավար՝ տիկ. Արմինէ Կիզկիզեանին։

Հուսկ Բանքը արտասանեց հայ կաթողիկէ ՜՜Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ տէր Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ ՜՜...Վարդանանց տօնակատարութիւնը առիթ մըն է որ Հայ ազգի զաւակները դարձեալ մտաբերեն Վարդանի տեսլականը եւ մտածելակերպը, որն է Ազգային Միասնականութիւնը . պէտք է մտաբերել նաեւ Ղեւոնդ Երէցի տեսլականը եւ մտածելակերպը, որը կամփոփուի Քրիստոնեայ Հայաստան մտքին մէջ։ Վարդանանց դիւցազներու յիշատակը, ըսաւ ան, յաւերժանալու համար պէտք է միշտ բարձր մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պատիւը, ինչպէս նաեւ Հայրապետութեան եւ Հայ եկեղեցականին արժանիքը եւ համբաւը։ Այս մէկը կը պահանջէ, որ ամէն դարու եւ ամէն ժամանակի կարիքներուն համապատասխան, հայ ազգը ունենայ Վարդան, Վարդաններ, որոնք պատրաստ ըլլան անձնազոհ զոհաբերութեան, վասն կրօնից եւ հայրենեաց՝՝։ Երեկոն վերջ գտաւ Հայր մեր աղօթքի երգեցողութեամբ բոլոր ներկաներուն կողմէ եւ ներկայ հոգեւոր հայրերուն օրհնութեամբ։



*Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանքի՝ 7-րդ տարին։

Լիբանան- Շաբաթ, 28 փետրուար 2009-ին Պէյրութի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի կազմակերպութեամբ այս տարի եւս 7-րդ տարին ըլլալով՝տեղի ունեցաւ ՜՜Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական ֆոնտի նախաձեռնած շարադրական մրցանքը՝՝ լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն համար, Յակոբեան քոլեճին մէջ։ Մրցանքը տեւեց երկու ժամ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին.

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան , Հռիփսիմեանց, Սրբուհի Ագնէս, Հարպոյեան ու

Հայ կաթողիկէ Քոյրերու վարժարանները,

Հայ աւետարանական քոլեճը ու Հայ աւետ. Կեդրոնական, Շամլեան-Թաթիկեան եւ Թորոսեան վարժարանները

ՀԲԸՄ-ի Դարուհի- Յովակիմեան վարժարանը

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը

Համազգայինի Արսլանեան ճեմարանը

Վահան Թէքէեան վարժարանը

Ազգային՝ Յակոբեան ու Մանուկեան քոլեճները եւ Խանամիրեան վարժարանը։

Մրցանքին արդիւնքները պիտի յայտարարուին մամլոյ ճամբով եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի արժանանան նիւթական եւ այլ նուէրներու՝ Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.