2009-03-03 13:53:13

Լոյս տեսաւ Վատիկանի տարեցոյցը. կաթողիկէներու թիւը 1,4 տոկոսով բարձրացած է 2006-2007։


Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, 2009ի վատիկանի տարեցոյցը ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, յայտնած է թէ կաթողիկէները աշխարհի վրայ կը հաշուեն 1,147 միլիառ։

2006-2007 կաթողիկէ քահանաներու թիւը 407 հազարէն 408 հազարի բարձրացած է։ Այդ ժամանակամիջոցին քահանաներու թուի մասնաւորապէս յաւելում արձանագրուած է Ափրիկէի եւ Ասիայի մէջ։ Կաթողիկէ եկեղեցին ներկայիս ունի 4.946 եպիսկոպոսներ եւ 2.936 եկեղեցական գաւառներ։ Քահանայութեան պատրաստուող թեկնածուներու թիւը 0,4 տոկոս յաւելում ունեցած է ։ Վերջապէս 2009 վատիկանի տարեցոյցէն ի յայտ կու գայ որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2008ին եպիսկոպոսական նոր 11 թեմեր հաստատած է եւ մէկ մետրապոլիտական աթոռ մը։ Նոյն տարին Սրբազան քահանայապետը 169 եպիսկոպոսներ նշանակած է։ Յայտնենք թէ վատիկանեան տարեցոյց մը՝ կարեւոր ուղեցոյց մըն է կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ամէն տարի փետրուար ամսոյն մէջ Սրբազան Քահանայապետին կը ներկայացուի։ ԺԹ. դարէն սկսեալ հրատարակուող՝ աւելի քան 2000 էջնոց, այս կարմիր հատորը կը ներփակէ տարեկան ցանկը կաթողիկէ եկեղեցւոյ, իր բոլոր նուիրապետութիւններով ու մարմիններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.