2009-03-03 14:03:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը, Պեռնար Ֆասիէն եւ Մեթիու Պրայզան, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպումի

մասնակցողները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու ցիւրիխեան հանդիպման եւ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին հետ կապուած հարցեր։ Կիրակի օրը

Սերժ Սարգսեան ընդունած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը։

ՍՈՒՄԿԱՅԹԻ ՋԱՐԴԻ 21-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ։

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի տօներու եւ յիշատակի օրերու հայող օրէնքով, 2005 թուականէն սկսեալ, 28 փետրուարը կը նշուի որպէս Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերու յիշատակի եւ բռնագաղթի ենթարկուած բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օր։ Սումկայիթեան ոճրագործութեան 21-րդ տարելիցի առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 28 փետրուարին ձեռնարկ մը կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ՝ Սումկայիթի զոհերու յուշաքարին մօտ։



Երէկ Շարմ Էլ Շէյխ-ի մէջ (Եգիպտոս) բացումը կատարուեցաւ Կազայի վերաշինութեան նուիրուած խորհրդաժողովին, մասնակցութեամբ Եգիպտոսի Ֆրանսայի նախագահներուն ,Իտալիոյ Վարչապետին , ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ 45 պետութիւններու բարձրաստիճան դիւանագէտներուն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի, որ իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք Միջին Արեւելք իր առաջին այցելութիւնը կուտայ ։

Խորհրդաժողովի ընթացքին միջազգային նուիրատուները խոստացան պաղեստինեան տնտեսութեան եւ Կազայի վերաշինութեան օժանդակելու համար 4.481 միլիառ տոլար տրամադրել։



Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՝՝Փանարմինըն նեթ. ՝՝ լրատուական կայքէջին տեղեկացուցած է, որ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 16-17 ապրիլին։

Թրքական ՝՝Սապահ՝՝ թերթը կը նշէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան արդէն մէկ ամիս առաջ իր պաշտօնակիցը հրաւիրած էր նիստին, սակայն Ա .Պապաճան այժմ տուած է նիստին մասնակցելու իր համաձայնութիւնը։



ԱՆԳԱՐԱ-Հայերէն Ներողութիւն Խնդրողներուն Դէմ Դատը Կրնայ Վերաբացուիլ։





Երկուշաբթի, Մարտ 2ին, Թուրքիոյ Սինճան շրջանի (որուն սահմաններուն մէջ կիյնայ մայրաքաղաք Անգարան) Քրէական բարձրագոյն ատեանը որոշեց բեկանել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը սկսողներուն դէմ դատը կասեցնելու Անգարայի դատախազութեան որոշումը, որուն հետեւանք դատը կրնայ վերաբացուիլ։ Երկուշաբթի օրուան տուեալներով, ցարդ 29,318 հոգի ստորագրած է հայերէն ներողութիւն խնդրելու կոչը։



ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Հինգշաբթի 19 Փետրուարին , յետմիջօրէին, Սայիտաթ Լուայզի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է միօրեայ համագումար մը՝ նուիրուած Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան, ՝՝Քրիստոնէական ներկայութիւնը Իրաքի մէջ՝՝ ընդհանուր խորագիրով։ Համագումարը կը վայելէր հովանաւորութիւնը մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր Պատրիարքին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերած է Կոմիտաս արք Օհանեան։ Համագումարին ներկայ էին նաեւ համալսարանի դասախօսներ եւ Իրաքի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Սոյն համագումարը մանրամասնօրէն քննարկած է քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը Իրաքի տարածքին, եւ յատկապէս երկրի բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած ներդրումը։



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութիւնը ,25 Փետրուարին հաղորդած է, թէ 2008ին ԼՂՀ այցելած են զբօսաշրջիկներ՝ աշխարհի տասնեակ երկիրներէ, գլխաւորաբար ԱՄՆէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Ռուսիայէն, Իրանէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն։ 2007ի համեմատութեամբ, զբօսաշրջիկներուն թիւը 2008ին աւելցած է շուրջ 15 տոկոսով։

Նկատելի է նաեւ, որ 2008ին առաջին անգամ ըլլալով Արցախ այցելած են զբօսաշրջիկներ՝ Փաքիստանէն, Սինկափուրէն եւ Սոմալիայէն։ Առաւել յաճախելի վայրեր են պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններն ու վանքային համալիրները, մասնաւորապէս՝ Ամարասը, Դադիվանքը եւ Գանձասարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.