2009-03-02 13:52:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

Կեանքը դռնփակ աշխարհում հատորը


Կեանքը դռնփակ աշխարհում, գրքին հեղինակն է 83 ամեայ Եղիսաբէթ Չափչովեան-Մանկասարեան. ան ներկայիս կը բնակի Աւստրալիա, հատորին մէջ կը պատմէ իր կեանքի ոդիսականը։

1946-ին, հազիւ քանի մը օրուան հարս, իր ամուսինին հետ որոշած են Իրանէն ներգաղթել Հայաստան՝ հայրենի կարօտի ու հայրենասիրութեան տենչէն մղուած։ Հեղինակը հարազատութեամբ կը նկարագրէ իր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխը,իր ապրած Ստալինեան դժնդակ օրերը եւ ճաշակած՝ կեանքի դառնութիւնները։

նշենք թէ գրքին հեղինակը՝Տիկին Եղիսաբէթ եղած է եւ է՛ այն հայուհին, որ ոչ միայն տոկացած է յանուն իր ընտանիքին, այլեւ այդ դժնդակ պայմաններու մէջ իր զաւակներուն հայերէն սորվեցուցած է, կրցած է հայեցի շունչն ու ոգին ներարկել անոնց մէջ։



Վարչապետ Սարգսեանի հանդիպումը Ռուսահայ 100 Գործարարներու հետ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Մոսկուա, երէկ, Հայաստանի դեսպանատան մէջ, ան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող աւելի քան 100 հայազգի գործարարներու հետ ։ Վարչապետը հայ գործարարներուն ներկայացուց համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ եւ նշեց, որ կրճատուած են Հայաստանէն արտահանման ծաւալները, յատկապէս հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս, եւ այսօր Հայաստանի մէջ գործող հանքային հինգ մեծ կազմակերպութիւններ լուրջ խնդիրներու առջեւ կը գտնուին։ Վարչապետը նաեւ նշեց, որ կրճատուած են արտաքին փոխանցումները, ընկերային վիճակը սկսած է վատանալ, գործազրկութիւնը սկսած է աճիլ։ Միւս կողմէ, գործարարները յայտնած են այն կարծիքը, թէ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է աւելի յստակ ծրագիրներ մշակէ, որպէսզի դուրսի գործարարները հասկնան, թէ իրենք ի՛նչ պէտք է ընեն Հայաստանի մէջ, այսինքն՝ պէտք է ուղղորդուի ներդրումներու իրականացումը։



Հայազգի գեղանկարիչ Արա Ազատի ցուցահանդէսը

Լիբանան- 28 փետրուարին Արթ Լաունզ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ գեղանկարիչ Արա Ազատի անհատական Հաճելի Երազ թեմայով ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին Արա Ազատ կատարեց կենդանի գեղանկարչութիւն՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։Այս ցուցահանդէսին, Արա Ազատ հանրութեան ներկայացած էր 45 պաստառներով։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ կիրակի, 22 մարտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.