2009-03-02 12:20:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

1 Մարտի Իրադարձութիւններուն Տարելիցը Նշուեցաւ թէ Հանրապետութեան թէ Ընդդիմութեան կողմէ։ Երէկ Երեւանի Մատենադարանին մօտ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը կազմակերպեց ՝՝հանրահաւաք մը՝՝1-2 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն Ա. տարելիցին առիթով։ Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան հանրահաւաքին բացումը կատարելով թուարկեց 1 մարտի՝ 10 զոհերուն անունները, եւ հանրահաւաքին մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Հանրահաւաքին յաջորդեց քայլարշաւ, զոր գլխաւորեցին Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Հայաստանի ՝՝ժողովրդական՝՝ կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Տեմիրճեան եւ ՝՝Հանրապետութիւն՝՝ կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան։ Միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս ոգեկոչեց 1 Մարտի զոհերուն յիշատակը եւ մարտ մէկի իրադարձութեանց առաջին տարելիցը։ Այս առիթով Ս .Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն։

Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերու բացայայտման նպատակով կազմուած միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները երէկ կիրակի, 1 մարտին, պաշտօնապէս սկսան Լա Հէյի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ միջազգային դատական ատեանի նախագահ՝ դատախազ Տանիէլ Պելմար։ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքներուն սկսելու առիթով երէկ Լիբանանի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Մայրիներու յեղափոխութեան նահատակներու շիրիմներուն վրայ։

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շաբաթ օր պնդեց, որ իր կառավարութիւնը պէտք է ղեկավարէ Կազայի մէջ վերաշինութեան հայող գործունէութիւնները։ Ապպաս Այսրյորդանանի Ռամալլահ քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Խաւիէ Սոլանային յայտնեց որ Կազայի վերաշինութիւնը իր ղեկավարութեամբ պէտք է կատարուի։

Իսկ Իսրայէլ կը խոստանայ խիստ կերպով հակադարձել Կազայէն կատարուած հրթիռարձակումներուն ։ Արդարեւ Իսրայէլի ընթացաւարտ վարչապետ Էհուտ Օլմերթ ըսաւ, որ ՝՝եթէ Կազայէն հրթիռարձակումները շարունակուին, խիստ կերպով պիտի հակադարձենք՝՝ ։Շաբաթ օր Կազայէն Իսրայէլի վրայ 7 հրթիռներ արձակուած են։

Միւս կողմէ այսօր Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքին մէջ Կազայի վերաշինութեան յատկացուած միջազգային խորհրդաժողովը տեղի կ՝ունենայ։ Այսօր Կազայի վերաշինութեան Նուիրատու Երկիրներու Խորհրդաժողովին խօսք առաւ ընդ որս Իտալիոյ վարչապետը Սիլվիօ Պէրլուսքօնի։ Իր ելոյթի աւարտին Պէրլուսքոնի լրագրողներուն բացատրեց թէ Իտալիոյ նուիրատուութիւնը 100 միլիոն տոլար է որը կ՝ընդգրկէ նաեւ 2010 եւ 2011 տարիները։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութեան Մարդկային Իրաւանց տարեկան տեղեկագրին մէջ նշուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու եւ մամուլի ազատութեան սահմանափակումները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մերթ կը սահմանափակէ խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը։ Կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ խստօրէն կը քննադատեն մամուլը եւ որոշ կրօնքներու հետեւորդներ քաղաքական ճնշումներու կենթարկուին։ Բազմաթիւ գրողներ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ յոգնած են թուրք դատախազներու կողմէ իրենց դէմ բացուած դատերէն, ( այսպէս գրուած է սոյն տեղեկագրին մէջ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.