2009-03-02 13:58:48

 Գրիգոր Արծրունի՝Հայոց Ազատագրական Շարժումի Ազատական Դրօշակիրը։


27 Փետրուարին կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը՝ հայ քաղաքական մտքի ամէնէն պայծառ, սիրուած եւ սերնդակերտ դէմքերէն Գրիգոր Արծրունիի։ 27 Փետրուար 1845ին՝ Մոսկուա ծնած, Երեմիա Արծրունիի (Վանեցի եւ իր կարգին պետական-հասարակական գործիչ՝ ռուսական բանակի Երէց-Զորավարի աստիճանին հասած) այս որդին, պայքարունակ իր շունչով ու ազատախոհ մտածողութեամբ, յառաջապահի դեր կատարեց 19րդ դարու վերջին քառորդի հայոց ազային-քաղաքական մարտնչումներու հունաւորման մէջ։ Ան ապրեցաւ ու գործեց Թիֆլիսի մէջ, որուն հոգեմտաւոր ճառագայթումին մէջ տիրական եւ անփոխարինելի եղաւ Արծրունիի հրատարակած ՝՝Մշակ՝՝ին ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-հրապարակագրական լուսաւորումի մեծ ներդրումը։ Գ. Արծրունի շեշտակիօրէն ռուսական կրթութիւն ստացաւ։ Թիֆլիսի Ռուսական Գիմնազիան 1863ին աւարտելէ ետք, բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ, մինչեւ որ 1867ին ընդունուեցաւ Հայտելպերկի համալսարանը, որմէ քաղաքատնտեսութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր վկայուելէ ետք՝ տարի մը ապրեցաւ Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ, հիմնաւորելով ու մշակելով հայերէնի իր իմացութիւնը եւ հայագիտական իր պատրաստութիւնն ու հոգեմտաւոր պաշարը։ 1870ին վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր ՝՝Գայանեան՝՝ Օրիորդաց վարժարանին մէջ իբրեւ ուսուցիչ իր պաշտօնավարութեան կողքին, ձեռնարկեց իր սեփական թերթի հրատարակութեան՝ իր շուրջ համախմբելով ժամանակի երիտասարդ, ազատախոհ եւ արժանաւոր ուժերը։ 1872ի Յունուար 1ին լոյս տեսաւ ՝՝Մշակ՝՝ի առաջին համարը, որ անմիջապէս առաջացուց ընթերցողներու իր լայն շրջանակը, զուգահեռաբար թէ՛ մեր ազգային արժէքներու վերանորոգման եւ թէ եւրոպական յառաջադէմ գաղափարներու տարածիչը դառնալով։ Գրիգոր Արծրունի մինչեւ մահ մնաց եւ կենսունակ գործեց պատնէշի վրայ։ ՝՝Մշակի՝՝ իր մեծ դպրոցէն անցան 19րդ դարու վերջին քառորդի հայ մտքի բոլոր հսկաներն ու երախտաւորները եւ ոչ միայն արեւելահայ, այլեւ՝ արեւմտահայ ընդգրկումով։ Ան մեզմէ հրաժեշտ առաւ 1892ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.