2009-02-28 11:11:05

Լուրեր հայ աշխարհէն

Վերա Սիսեռեանի եւ Սանան Սողոմոնեանի Հայաստան գիրքի շնորհահանդէսը

Հայկազեան համալսարանի մէջ


Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Վերա Սիսեռեանի եւ Սանան Սողոմոնեանի Հայաստան գիրքի շնորհահանդէսը։ Այս առթիւ խօսք առնելով՝ տոքթ Արմենակ Եղիայեան, գիրքին արժեւորումը կատարած է՝ շեշտը դնելով պատանիները ընթերցանութեան մղելու եւ գրաւիչ ու հետաքրքրական կերպով Հայաստանի ու հայոց պատմութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու յատկութեան վրայ. լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ պատմական դէպքերու թէ նշանաւոր անձնաւորութիւններու ու վայրերու մասին եղած անդրադարձները բաւական դիպուկ են եւ խօսուն, հակառակ իրենց կարճ ըլլալուն, մանաւանդ որ անոնց կընկերանան համապատասխան լուսանկարները՝ գոյներու եւ մատուցման ձեւի ճաշակաւոր համադրումով օժտուած։ Եղիայեան ըսած է, թէ գիրքին մէջ եղած բաժանումները աւելի դիւրամատչելի կը դարձնեն ընթերցանութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքը իր ամբողջութեան մէջ ընթերցող պատանին կը մղէ հարցադրումներ ունենալու, անոնց պատասխանը փնտռելու համար պրպտումներ կատարելու, մտածելու եւ աւելի հետաքրքրուելու իր հայրենիքով ու հայոց պատմութեամբ։ հուսկ՝ Ան անդրադարձած է մանկական գրականութեան կարեւորութեան եւ հայկական դպրոցներուն մէջ հայկական մանկական գրադարաններ ունենալու անհրաժեշտութեան։

Գիրքի հեղինակներէն Վերա Սիսեռեան խօսած է անոր պատրաստութեան նպատակին, այդ առնչութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս գիրքին մասին ընդգծելով, որ թէեւ խօսքը իրեն տրուած է, սակայն աշխատանքը հաւասարապէս տարուած է իր եւ Սանան Սողոմոնեանի կողմէ։

Նման գիրքի մը գաղափարը գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր հայու մօտ, ըսած է Սիսեռեան , որովհետեւ Հայաստանն ու հայոց պատմութիւնը իւրաքանչիւր հայու համար ունի իր ուրոյն տեղն ու արժէքը։ Իրենք մանրամասն կերպով ուսումնասիրութիւններ կատարած են, այցելութիւն տուած են Հայաստան, լուսանկարած են պատմական վայրեր, տեղեկութիւններ քաղած ու հաւաքած են, որ գիրքը կարելի եղածին չափ ճիշդ ընտրութիւններով հարուստ ըլլայ եւ կատարուած ընտրութիւնները ըլլան այնպիսին, որ անոնք պատանիին մօտ ամրապնդեն ազգային նկարագիրն ու հայկական արժէքներուն նկատմամբ սէրն ու արժեւորումը։ Իրենց նպատակը եղած է հայերէնով մանկապատանեկան գիրքերու աշխարհը հարստացնել, ինչպէս նաեւ հայրենիքին ու ազգին նկատմամբ սէրը արմատացնել պատանիներուն մօտ՝ Հայաստանի ու հայութեան մասին մշակութային եւ ազգային հետաքրքրական ու պարզ ձեւով տեղեկութիւններ տալով։








All the contents on this site are copyrighted ©.