2009-02-28 11:43:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

1988-ի՝Փետրուար 27-29-ը, ատրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայերու ազգաբնակչութեան զանգուածային ջարդեր տեղի ունեցան . Փետրուար 26ի երեկոյէն մինչեւ Փետրուար 29ը՝ երեք օր ու գիշեր, շարունակուեցան զանգուածային բռնութիւնները եւ սպանութիւնները, ինչ որ յառաջացուց փախստականներու առաջին հոսքը Ատրպէյճանէն դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան։



Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ առաւօտ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ Ասսատ-ի յանձնած ՝Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր մը։ Ըստ սուրիական ՝՝Սանա՝՝ լրատու գործակալութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները։



Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ երէկ այցելեց Մոսկուա, հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, որոնց շարքին վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Հիմնականին մէջ քննարկուեցան Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք 500 միլիոն տոլարի հակաճնաժամային վարկի տրամադրման պայմանները։



ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հինգշաբթի օր այցելեցին Պաքու, ուր երէկ հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով յայտարարեց, որ այցելութեան ընթացքին միջնորդները մտադիր են ՝՝կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել՝՝ շրջանակային համաձայնագիրի որոշ կէտերու շուրջ։



Իսրայէլացի աջակողմեան ԼԻՔՈՒՏ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու եւ կեդրոնի ուժերէն Ցիփի Լիվնի երէկ հանդիպում ունեցան՝ համախոհական կառավարութեան մը շուրջ ,համաձայնութիւն գոյացնելու համար, որը տեղի չունեցաւ ,եւ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց շարունակումը անորոշ մնաց։ Թել Աւիւի մէջ աւելի քան մէկ ժամ հանդիպելէ ետք կողմերը զիրար ամբաստանեցին համախոհական կառավարութիւն կազմելու կամքի պակասով։



Թրքական ՝՝Սապահ՝՝ օրաթերթէն կը տեղեկանանք որ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի ղեկավար Սիլվիօ Օվատիա Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ-ը այցելած է եւ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնք մը պահանջած։ Օվատիա Թուրքիոյ մէջ հակասեմականութեան երեւոյթէն գանգատած է եւ ըսած որ ՝՝Այն ինչ որ Թուրքիոյ մէջ տեղի կունենայ, անջատ դէպքեր չեն եւ յստակ թշնամանք գոյութիւն ունի՝՝ ։ Ան ընդգծած թէ հրեաներուն նկատմամբ վիրաւորական կամ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները պէտք է քրէական յանցանքի վերածուին, աւելցնելով որ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի օրինակով օրէնսդրական նոր կարգադրութիւններ կրնան կատարուիլ։



Թուրքիոյ բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատարը, զինք ՝՝Էրկենեքոն՝՝կոչուած դատավարութեան հարցին մեղսակից դարձնող ամբաստանութիւններէ ետք անցեալ չորեքշաբթի օր անձնասպան եղաւ։ Թրքական բանակի մասնայատուկ ուժերու նախկին ղեկավար եւ Էրկենեքոնի հարցով կասկածելի Իպրահիմ Շահին արդարեւ իր վկայութեան մէջ նշած էր նաեւ անձնասպան հրամանատար Օքթայի անունը։



Ալ-Ժազիրա արբանեակային պատկերասփիւռի անգլերէն կայանը այս շաբաթավերջ ՝՝Փիփըլ էնտ փաուըր՝՝ յայտագիրէն վաւերագրական ժապաւէն մը պիտի սփռէ Լեռնային Ղարաբաղի մասին։ Ժապաւէնը պիտի սփռուի հետեւեալ ժամանակացոյցով. այսօր կէսօրուան ժամը 12։30-ին եւ երեկոյեան ժամը 7։30-ին։ Կիրակի օր առաւօտեան ժամը 3։30-ին, 10։30-ին եւ երեկոյեան ժամը 11։30-ին, իսկ երկուշաբթի օր՝ առաւօտեան ժամը 7։30-ին։ Յայտագիրին կարելի է հետեւիլ նաեւ համացանցին վրայ՝ հետեւեալ հասցէով http։//english.aljazeera.net/programmes/peopleandpower.








All the contents on this site are copyrighted ©.