2009-02-27 12:55:11

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Հռոմի թեմի կղերին հետ։


Տնտեսական տագնապը, քահանաներու աւետարանութեան առաքելութիւնը եւ երիտասարդութեան հովուութիւնը եղան Սրբազան Քահանայապետին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերը, Հռոմի թեմի կղերին հետ։

Ամէն տարի, քառասնորդացին սկիզբը Սրբազան Հայրը սովոր է ընդունիլ իր թեմի կղերը։ Մէկ ու կէս ժամ երկարող հանդիպումին միջոցին Նորին Սրբութիւնը ութը քահանաներու հարցումներուն պատասխանեց։ Աւելի քան 500 կղերականներու ներկայութեամբ Հռոմի պապը ըսաւ ՜՜Եկեղեցին պարտականութիւն ունի հսկելու եւ հակադրելու տիտապետող եսապաշտութեան վրայ՝՝։ Դժուար պարտականութիւն մը, քանի հզօր խումբեր անոր կ՛ընդիմանան։ Ապա Սրբազան հայրը յայտնեց թէ ՜՜շրջաբերական թուղթ մը կը պատրաստէ այդ ուղղութեամբ՝՝։ Հուսկ Նորին սրբութիւնը հրաւիրեց իր քահանաները որ վկայութիւն տան իրենց հաւատքին, ոչ միայն խօսքով՝ այլ եւ գործով. եւ յարեց ՜՜մենք կանչուած ենք հասկնալի դարձնելու քրիստոնէական հաւատքը, որպէսզի հաւատացեալը կարենայ հաղորդակցութեան մէջ մնալ Եկեղեցւոյ հետ՝՝։ Իր խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Ժողովրդապետութիւնը հարկ է որ ըլլայ հիւրընկալ վայր մը՝՝։



Այս առաւօտ, ուրբաթ 27 փետրուար 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

- Տիար Մասուտ Պարազանի` նախագահը Իրագի Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին եւ անոր շքախումբը։

- Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

- Կարտինալ Սդաֆորտ կառավարիչը Վատիկանի ներքին ատեանին

- Պելկիոյ ՝՝Ս. Պետրոսի Աթոռի սպասաւոր՜՜ կոչուած եղբայրակցութիւնը

Իսկ յետ միջօրէին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։








All the contents on this site are copyrighted ©.