2009-02-27 12:57:51

Ուրբաթ – Դ. Մտածական

(Հռոմայեցւոց 1, 16-17)Աւետարանը ինծի ամօթ չեմ համարեր


 

    Աւետարանը ինծի ամօթ չեմ համարեր


Այս խօսքով Պօղոս կ՛ուզէ դիտողութիւն ընել անոնց որոնք կ՛ամչնան քարոզելու Աւետարանը, զանազան պատճառներու համար։

Հրէութենէ եկողները կը վախնան վիրաւորել Հրէաները, անոնց խօսելով խաչեալ Քրիստոսի մասին, շաբաթ օրով Յիսուսի գործած հրաշքներուն մասին, Տաճարին վերաբերեալ Յիսուսի ունեցած կարգ մը արտայայտութիւններուն մասին, եւն…։

Հեթանոսութենէ եկողները չեն համարձակիր խօսիլ Երրորդութեան մասին, կը զգուշանան խաչի եւ զոհաբերութեան մասին արտայայտուելէ, կը նախընտրեն չխօսիլ հաւասարութեան մասին ազատներու եւ գերիներու միջեւ, եւն…։

Պօղոս կ՛արհամարհէ այս բոլոր զգուշութիւնները եւ ինքզինք ուժեղ կը զգայ Աստուծոյ զօրութեամբ։



    Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է ամէն հաւատացեալի փրկութեան համար, նախ Հրէային եւ ապա` հեթանոսին


Աւետարանի պատգամը քարոզողը որեւէ երկիւղ պէտք չէ ունենայ, որովհետեւ անոր մէջ ըսուածը պարզապէս ճշմարտութիւնն է.

Առաքեալը կը հետեւի Յիսուսի պատուէրին` քարոզելու նախ Հրէաներուն եւ ապա` հեթանոսներուն. Այսպէսով յարգած կ՛ըլլայ Աստուծոյ կամքը.

Սակայն երկուքն ալ հաւասարապէս արժանի են այդ պատգամին, ինչպէս նաեւ անոր յառաջ բերած փրկութեան։



    Որովհետեւ Աստուծոյ արդարութիւնը անով կը յայտնուի հաւատքին միջոցաւ


Որպէսզի առաքեալին գաղափարը ճիշդ կերպով հասկնանք, հարկ է որ արդարութիւն բառը նկատենք որպէս արդարացում, այսինքն փրկութիւն։

Աւետարանի պատգամին հաւատալով` մենք կ՛արդարանանք եւ կրնանք յաւիտենական փրկութեան արժանանալ, արդարներուն հետ։

Կարելի է նաեւ արդարութիւն բառը նկատել այն հաւասարութիւնը որ Աստուած կը դնէ Հրէային եւ հեթանոսին միջեւ, երկուքին ալ հաւասարապէս շնորհելով փրկութիւնը հաւատքին միջոցաւ։

Հաւատքէ հաւատք – իմաստը. քարոզողը իր հաւատքը կը փոխանցէ քարոզը մտիկ ընողին։



    Ինչպէս որ գրուած է. Արդարը հաւատքով պիտի ապրի


Այս գրութիւնը կը գտնենք Ամբակում մարգարէի գրքին մէջ, 2, 4։ Թէեւ հոն աւելի հաւատարմութեան մասին կը խօսուի քան հաւատքին։

Այս նախադասութիւնը պատճառ դարձաւ Լուտերի լուսաբանումին որով ան եզրակացուց թէ միայն հաւատքով մարդ կ՛արդարանայ եւ գործերը այլեւս որեւէ օգուտ մը չունին մարդուն կեանքին մէջ. Աստուծոյ շնորհքը կը բաւէ մարդս արդարացնելու համար։

Մենք սակայն Պօղոսի այս խօսքը չենք առներ որպէս այլամերժ ասացուածք, որով ուրիշ տեղ առաքեալը կը խօսի նաեւ գործերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.