2009-02-27 12:55:25

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Պաշշար Ասատ հանդիպում –


Հ Հ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հինգշաբթի առաւօտ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր յանձնած՝Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր մը։ հանդիպման ընթացքին (ըստ սուրիական Սանա լրատու գործակալութեան) քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները։ հայրենի նախարարը սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար էլ Ասատը տեղեակ պահած է Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան մասին։ Քննարկուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցն ու այդ հարցին լուծման ուղղութեամբ ի գործ դրուող միջազգային ջանքերը։ Նալբանդեան նաեւ հանդիպում ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ։ Հանդիպման աւարտին երկու նախարարները դիւանագիտական անցագիրներու վրայ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մուտքի եւ տարանցումի կնիքները վերցնելու համաձայնագիր կնքած են։

Միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երկու նախարարները շեշտած են երկու երկիրներուն միջեւ պատմական եւ մշակութային յարաբերութիւնները, որոնք երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր մարզերու մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւոր կամուրջ կը կազմեն։



Մինսքի խմբակի համանախագահներու Երեւան այցելութիւնը

Հինգշաբթի օրը ղարաբաղեան տագնապի շրջան այցելեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները։ Իսկ, այսօր` ուրբաթ երեկոյեան միջնորդները պիտի ժամանեն Երեւան, ուր հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, ապա պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ իսկ մարտ 2-ին Երեւան պիտի վերադառնան։



Հայաստան-Գերմանիա

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի օրը ընդունելով’ Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտըսթակ) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Պունտըսթակի պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալը՝ Մարքուս Մեքել եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը՝ Մելանի Մոլթման, իր գոհունակութիւնը յայտնած է հայ եւ գերմանական յարաբերութիւններու վերջին տարիներուն զարգացման համար եւ կառուցողական որակած է, վերջերս, անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Միւնիխի համագումարի ծիրին մէջ, Գերմանիոյ վարչապետ’ Անկելա Մերքելի հետ իր ունեցած հանդիպումը։ Սերժ Սարգսեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումները եւ պաշտօնական Երեւանի մօտեցումները։ Կողմերը խօսած են նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.