2009-02-26 14:26:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ն Ս ը , օր մոխրոցի պատարագին, կը խրախուսէ քրիստոնեաները արթուն մնալու որպէսզի մեղքի լուծին տակ չմնան։


Հռոմի Սանդա Սապինա պազելիքայի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, օր մոխրոցի չորեքշաբթին, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց քրիստոնեաները արթուն կենալու եւ հսկելու որպէսզի մեղքի ճիրաններու մէջ չիյնան։ Հետեւաբար Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ ՜՜ապաշխարանքի ու դարձի՝՝, յարելով. ՜՜եթէ ժողովուրդը ընկալէ դարձի կոչը, Աստուած պիտի ողորմէ մեզի եւ իր ընտրեալները պիտի ողողէ անհամար բարիքներով՝՝։



Պրազիլի քրիստոնեայ հասարակութիւնը ամէն տարի քառասնորդացին եղբայրակցութեան յատուկ կոչ մը կ՛ուղղէ։ Այս տարուայ եղբայրակցութեան կոչին բնաբանն է. ՜՜եղբայրակցութիւն եւ հրապարակային անվտանգութիւն։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաւիրեց քրիստոնեաները յանձնառումով գործեն արդարութեան համար՝՝։

Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղած է Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին գերապայծառ Ռոշային։ Պրազիլի քրիստոնեաներուն ուղղած պատգամով Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները որ հաստատակամօրէն պայքարին բարին գործելու, որովհտետեւ՜՜ քաջ գիտենք (կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ) թէ մարդու համար որքան դժուար է ՜՜լրջօրէն արդարութիւնը՝՝ գործադրել։

Պէտք է աշխատիլ որպէսզի մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուին խաղաղութեան ու սիրոյ վրայ եւ ոչ թէ ատելութեան ու անտարբերութեան վրայ։

Ապա Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ քառանորդացը բոլոր քրիստոնեաներու համար ժամանակն է ՜՜դարձի ու հաշտութեան՝՝ որպէսզի մարդու սրտի ամենաազնիւ ձգտումները գոհացուին ու խաղաղութիւնը ամրապնդուի ժողովուրդներու ու հասարակութիւններու միջեւ։



Իսկ այս առաւօտ, հինգշաբթի 26 փետրուար 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Հռոմի կղերը։









All the contents on this site are copyrighted ©.