2009-02-26 13:04:46

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանատան առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի ի նպաստ բողոքի ցոյց մը։ Ցուցարարները դեսպանատան յանձնեցին իրենց պահանջները բովանդակող յայտարարութիւն մը։ Ըստ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ջաւախք հայրենակցական միութեան ղեկավար Շիրակ Թորոսեան հետեւեալ ձեւով թուարկած է ցոյցի մասնակիցներուն պահանջները ՝՝Ազատ արձակել Ջաւախքի հայ հասարակութեան գործիչները, որոնք անտեղի ձերբակալուած են։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակ տալ։ Հայոց լեզուին իրաւական կարգավիճակ տալ Ջաւախքի եւ Ծալկայի շրջաններուն մէջ,ինչպէս նաեւ՝ հայ-վրացական սահմանի Ջաւախքի անցակէտը դարձնել ազատ եւ թափանցիկ՝՝։



Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ ելոյթ ունենալով խորհրդարանին մէջ յայտնած է, որ ՝՝Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններէն բացի, ի վերջոյ, մենք պէտք է ունենանք որակեալ օրէնք նախ մեզի համար։ Ուստի Եւրոպական խորհուրդի տուած առիթը պէտք է լաւ օգտագործել։ Ընթացող վէճերը եւ օրէնքի տարընթերցումները կը վկայեն, որ գործ ունինք չափազանց զգայուն խնդիրներու հետ, (նշած է Արմէն Ռուստամեան)։



Ըստ ՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու ործակալութեան, ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները՝ (վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը) կը հաղորդեն, որ շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ այսօր երեկոյեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Ազրպէյճան պիտի այցելեն։

Այցելութեան պաշտօնական մասը 27 փետրուարին պիտի սկսի։ Ծրագրուած են հանդիպումներ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Պիտի քննարկուին Ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր խաղաղ հանգուցալուծման հաւանական ուղիները։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չորեքշաբթի, 25 փետրուարի երեկոյեան, Պէյրութի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ համայնքին հետ։ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան նման հանդիպումի մը կայացման առնչութեամբ ուրախութիւն յայտնելէ ետք Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանը հրաւիրեց իր ողջոյնի խօսքը արտասանելու։ Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, թէ արաբական աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ յատկապէս հայութեան ու Հայաստանի անունները լայնօրէն ծանօթ են, որովհետեւ այդ շրջաններուն մէջ ապրող հայկական Գաղութները՝ իրենց իւրայատկութեամբ, լաւագոյն դեսպաններն ու ներկայացուցիչները հանդիսացած են Հայաստանի ու Հայութեան։ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին շեշտեց, ՝՝որ Հայաստանն ու Սփիւռքի մէջ ապրող հայկական Գաղութները մէկզմէկ կամբողջացնեն եւ կը կազմեն ամբողջական Հայաստանը՝՝ ։



Թրքական օդանաւորդութեան պատկանող THY-ի Boeing 737-800 տիպի սաւառնակ մը, երէկ առաւօտուն ջախջախուեցաւ, Ամսթերտամի Սիփհոլ օդակայանը վայրէջք կատարած պահուն ։ Ինը հոգի մահացած են եւ 80 ուրիշներ վիրաւորուած, որոնցմէ 6-ը ծանր վիճակի մէջ։ Սաւառնակը օդակայանի կողքին գտնուող հողատարածքի մը վրայ ինկած է , երեք մասի բաժնուելով։ Թռիչքը Պոլսէն դէպի Հոլանտա կը կատարուէր եւ ընդհանուր թիւով 134 ճամբորդներ կը փոխադրէր։ Իտալացի ճամբորդը Լուչօ Պասսօ վերապրած է։Ջախջախման պատճառները տակաւին յստակացած չեն։



ՊՈԼԻՍ(Մարմարա)- Փետրուար 24ին, Պոլսոյ Մխիթարեան Հայրերու ՝՝Մխիթարեան վարժարան՝ ը՝ այցելած է Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացքին Թուրքիոյ աւագ բանագնաց եւ պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշ, որուն կ՝նկերանար իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան Շիշլի հայաշատ թաղամասի քաղաքապետութեան թեկնածուն՝ Էմին Հապէրտար։ Պաղըշի կողմէ նախօրօք յայտնուած փափաքին համաձայն, այդ այցելութեան ընթացքին վարժարան հրաւիրուած էին նաեւ Պոլսոյ հայկական համայնքի թաղային մարմիններու ատենապետներ,վարժարաններու տնօրէններ, եւ համայնքէն կարկառուն դէմքեր։ Ներկայ եղան նաեւթրքական հեռատեսիլի կայաններու եւ մամուլի աշխատակիցներ։ Թուրքիոյ Աւագ Բանագնացը կը փափաքէր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մասին Հայ Համայնքին կարծիքները շօշափել։ Այս առթիւ պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշ ըսաւ թէ ՝՝Դարերէ ի վեր միասին կապրինք ու կերպով մը դուք այս երկրին տէրերն էք, նոյնիսկ դուք մեզմէ ալ աւելի առաջ, հոս էիք։ Ան ընդունեց, որ երբեմն ՝՝անախորժ պատահարներ տեղի ունեցած են՝՝, բայց զանոնք ՝՝արկածներ ու անցողակի համարեց՝՝։ Ես կուզեմ, որ դուք ալ զօրակցիք մեզի, Եւրոմիութեան հետ մեր բանակցութիւններուն մէջ, (ըսաւ Պաղըշ Թուրքիոյ աւագ բանագնացը Եւորմիութեան մօտ) ։








All the contents on this site are copyrighted ©.