2009-02-25 14:19:20

Էջ մը Հայ Գրականութենէն – Պետրոս Գետադարձ


Էջ մը Հայ Գրականութենէն – Պետրոս Գետադարձ

Այս կաթողիկոսը կը յիշենք մեր գրականութեան պատկանող դէմքերուն մէջ, որովհետեւ իր երկարատեւ կաթողիկոսութեան ընթացքին բաւական մեծ դեր խաղաց հայ ժողովուրդի եւ թագաւորութեան կողմնորոշման մէջ։ Ինքն է որ Յովհաննէս-Սմբատ թագաւորի կտակը գործնականապէս կատարեց, խոստանալով Բիւզանդիոնի Վասիլ Բ. կայսեր յանձնել Անի մայրաքաղաքի բանալիները, թագաւորի մահուընէ ետք։

Թէեւ պատմութիւնը յստակ չէ այս կէտին շուրջ` ընդհանրապէս ազգային կոչուած կուսակցութիւնը զինք կը նկատէ դաւաճան հայ ազգի։ Իրականութեան մէջ սակայն` Պետրոս կաթողիկոս իրագործած է լոկ թագաւորին փափաքը։ Կրնար թերեւս ընդդիմանալ, սակայն ինք եւս բիւզանդասէր ըլլալով, որով իր նախնական ուսումը առած էր Տրապիզոնի մէջ, բիւզանդական ազդեցութեան ներքեւ, յուսալով որ Կայսրը պիտի պաշտպանէր հետագային Հայոց կաթողիկոսութիւնը, սիրով կատարած է Յովհաննէս-Սմբատ թագաւորի հրամանը։

Պետրոս Հայոց կաթողիկոս եղած է 1019-էն մինչեւ իր մահը, 1058, որ տեղի ունեցած է Փոքր Հայքի Սեբաստիա քաղաքին մէջ։ Ան քաջածանօթ էր ոչ միայն սրբազան գիտութիւններու մէջ, այլ նոյնիսկ իմաստասիրութեան, չափաբերութեան եւ այլ գիտութիւններու մէջ։ Ստոյգ է որ մեր ձեռքը չեն հասած բոլոր իր գրութիւնները, մասնաւորապէս իր ճառերը, որոնց մասին մեծ գովեստով կը խօսին իր յաջորդները։ Մեզի հասած են միայն մի քանի շարականներ. Ասոնք են Մարտիրոսաց եւ Հանգստեան ութը ձայներու շարականները, ինչպէս նաեւ Մանկունք-ը։

Գետադարձ նաեւ թղթակցած է Գրիգոր Մագիստրոսի հետ եւ մեծ դեր խաղացած է անոր քաղաքական կեանքի վերիվայրումներուն մէջ։ Ընդհանրապէս շատ լաւ ճանչցուած է մանաւանդ օտարներու կողմէ, որոնք միշտ գոված են իր հանճարը, եւ մանաւանդ` սքանչացած են իր հոգեկան բացառիկ կարողութիւններուն մասին։ Կը պատմուի թէ Տրապիզոն եղած ժամանակ` 1022 թուին, հանդիսաւոր կերպով ջրօրհնէք կը կատարէր Յունուար 6-ի օրը, ի ներկայութեան Բիւզանդիոնի կայսեր եւ պալատականներուն։ Երբ հայկական Սուրբ Միւռոնը երեք անգամ կ՛ընկղմէ գետի ջուրերուն մէջ, զանոնք օրհնելու նպատակաւ, կը պատահի հրաշքը. Գետէն լոյս մը կը ծագի եւ ծիածանի ձեւով խորան մը կը շինէ ջուրերուն մակերեսին վրայ. Այդ վայկեանին` գետին հոսքը կանգ կ՛առնէ եւ հակառակ ուղղութեամբ կը սկսի ընթանալ։ Ասոր համար է որ զինք կոչած են Գետադարձ։ Իսկ սուրբ Խաչը այն օրէն ի վեր կը կոչուի Գետարգել։

Պետրոս Ա. Գետադարձ կաթողիկոսը կը հրաւիրուի Բիւզանդիոն, Մոնոմախոս կայսեր առջեւ ներկայանալու. Ան` յետ իրեն տեղապահ կարգելու իր քրոջ որդին` Խաչիկը, որ հետագային պիտի հանդիսանար իր յաջորդը կաթողիկոսական գահին վրայ, Խաչիկ Ա. Անեցի անունով, իր հետ կ՛առնէ 300 ձիաւորներ, 120 կղերականներ, որոնց մէջ կային եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ յայտնի ուսուցիչներ, եւ 200 հետեւակ սպասաւորներ ու կ՛երթայ Բիւզանդիոն։ Կայսրը մեծ պատիւով կ՛ընդունի զինք եւ նոյնիսկ ծունկի կու գայ իր առջեւ։ Շաբաթներով տօնակատարութիւններ կ՛ընեն եւ յարգի նուէրներով զինք ետ կը ճամբէ Հայաստան։

Գետադարձի շարադրած շարականները շատ վայելուչ ոճ մը ունին եւ անոր բանաստեղծութիւնը բաւական կը մօտենայ ոսկեդարու լեզուին ու կատարելութեան։ Դժբախտաբար իր միւս երկերը մեր ձեռքը չեն հասած։








All the contents on this site are copyrighted ©.