255 -Եկեղեցին երբէ՞ն ի վեր եւ ո՞ր անձերը կը մկրտէ։
Հոգեգալստեան օրէն սկսեալ՝
Եկեղեցին կը մկրտէ Յիսուս Քրիստոսի հաւատացողները։
256-Մկրտութեան էական
ծիսարարքը ո՞րն է։
Այս սուրբ Խորհուրդին էական ծիսարարքը մկրտուելիք անձին ջուրի
մէջ թաթախելն է, կամ ալ անոր գլխուն վրայ ջուր հոսեցնելն է՝ միանգամայն արտասանելով
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։
257-Մկրտութիւնը ո՞վ կրնայ ընդունիլ։
Չմկրտուած
ամէն անձ կրնայ այս սուրբ Խորհուրդը ընդունիլ։
258-Ինչու՞ Եկեղեցին մանուկները
կը մկրտէ։
Որովհետեւ մանուկները կը ծնին սկզբնական մեղքով, ուստի պէտք ունին
ձերբազատուելու Չարին իշխանութենէն եւ այսպէս մտնելու Աստուծոյ որդիներուն ազատութեան
արքայութեան մէջ։
259-Մկրտեալէ մը ի՞նչ կը խնդրեն։
Նախ հաւատոյ
դաւանութիւնը կը խնդրեն։ Չափահասի պարագային՝ զայն ինք անձամբ կը կատարէ, իսկ նորածինի
պարագային՝ զայն ծնողքը կամ Եկեղեցին կը կատարէ։ Կնքահայրը կամ կնքամայրը եւս, ինչպէս
նաեւ համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը իրենց պատասխանատուութեան բաժինն ունին Մկրտութեան
երեխայութեան պատրաստութեան եւ յետագային՝ հաւատքին եւ մկրտական շնորհքին աճումին մէջ։
260-Ո՞վ
կրնայ մտրտել։
Մկրտութեան սովորական պաշտօնեաները Եպիսկոպոսն ու քահանաներն են,
իսկ լատին Եկեղեցիին մէջ՝ նաեւ սարկաւագը։ Անհրաժեշտութեան պարագային՝ ոեւէ անձ կրնայ
մկրտել, պայմանով որ դիտաւորութիւնն ունենայ կատարելու ինչ որ Եկեղեցին կ՛ընէ։ Մտրտող
անձը մկրտեալին գլխուն վրայ ջուր կը հոսեցնէ մկրտութեան երրորդենական հետեւեալ բանաձեւը
արտասանելով . Ես քեզ կը մկրտեմ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։