Փետրուար ամիսը Բարեկենդանի ամիսն է։ Մեր բոլորին ծանօթ են յատկապէս Ռիոյի, Վենետիկի
եւ Նիւ Օրլինզի ՜՜Մարտի Կրայի՝՝ տօնակատարութիւնները։
Սակայն աշխարհին շուրջ
կան ուրիշ քաղաքներ ալ, որոնք իրենց ձեւով կը տօնեն Բարեկենդանը։
Քանատայի Քեպէք
նահանգին, եւ Միացեալ Նահաններու Մինեսոթա նահանգին մէջ Բարեկենդանը կը զուադիպի ցուրտ
եղանակին։ Օդը ցուրտ կ՛ըլլայ, իսկ գետինը՝ ձիւնի թանձր խաւով մը ծածկուած։ Հետեւաբար
այս շրջաններու Բարեկենդանի տօնակատարութիւնները կը նմանին իսկական ձմեռնային փառատօններու։
-
ՔԵՊԷՔԻ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Արդէն, երբ ֆրանսական գաղութ մը հաստատուեցաւ Նուվէլ-Ֆրանսի
շրջանին մէջ, բնակիչները սովորութիւն ունէին հաւաքուելու եւ մեծ խրախճանք մը ընելու՝
Մեծ պահքը սկսելէ առաջ։
Քեպէքի մէջ 1894 թուականին՝ առաջին ձմեռնային Բարեկենդանը
տեղի կ՛ունենայ վերակենդանացնելով ժողովրդային հին սովորութիւն մը եւ ստեղծելով ձիւներու
տօն մը։ 1954-ին Պոնոմ (մարդուկը) կերպարը կ՛ընտրուի իբրեւ ՜՜Բարեկենդանին ներկայացուցիչ՝՝ը։
Եւ ի պատիւ անոր՝ ամէն տարի Բարեկենդանին կը շինուի սառոյցէ հսկայ պալատ մը։
Ժամանակի
ընթացքին այս Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն յայտագիրը ճոխացած է։ Ձմեռնային մարզանքներուն
վրայ աւելցած են ամբողջ քաղաքը կախարդական տեսարանի մը վերածող՝ ՜՜սառոյցի արձաններու
մրցումները՝՝, քաջերուն համար՝ ձիւնի լոգանք մը , նաւակով եւ սահնակով շուներու մրցումները,
դիմակահանդէս եւ տողանցքներ։
Ամէն տարի մօտաւորապէս մէկ միլիոն այցելու կը մասնակցի
այս տարբեր ձեռնարկներուն, 17 օրերու ընթացքին, միջին հաշուով -10 ջերմաստիճանի պայմաններու
մէջ։