2009-02-23 13:59:27

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը վերահաստատէ Հռոմի եպիսկոպոսին գլխաւորութիւնը։


Կիրակի 22 փետրուար 2009,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին, յիշեցուց թէ՝ Եկեղեցին փետրուար 22-ին կը վերակոչէ Ս. Պետրոս տաճարի տօնը։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Ս. Պետրոսի Աթոռը կը խորհրդանշէ Հռոմի եպիսկոպոսի իշխանութիւնը, կանչուած յատուկ առաքելութիւն կատարելու Աստուծոյ ժողովուրդին մօտ։ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու նահատակութենէն անմիջապէս ետք, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը, Հռոմի եկեղեցին ճանչցուեցաւ որպէս գլուխը կաթողիկէ հասարակութեան, դեր մը որ հաստատուած է երկրորդ դարուն Անտիոքի սուրբ Ինքնատիոսի կողմէ։ Հռոմի Աթոռի այս իւրայատուկ առաքելութիւնը վերահաստատուեցաւ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովէն։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի ինք կարենայ հաւատարմութեամբ կատարել աստուածային նախախնամութենէն իրեն յանձնուած մեծ առաքելութիւնը։



Քահանայապետական նշանակումներ



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց գերապայծառ Ժոզէֆ Սբիդերին՝ որպէս առաքելական դեսպան Սրի Լանքայի մօտ, մինչեւ օրը գեր. Սբիդերի կը պաշտօնավարէր Ս. Աթոռի պետական քարտուղարութեան մօտ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Փօլ Բուբառը՝ յատուկ նուիրակ գլխաւորելու՝ Ավինիոն քահանայապետներու կեցութեան եօթներորդ դարադարձի հանդիսութիւններու, որ տեղի պիտի ունենան մարտ 7-8։ ֆրանսայի Ավինիոն քաղաքի Քահանայապետներու կեցութեան 7-րդ դարադարձին առթիւ (1309-1377), կարտինալ Փօլ Բուբառ, վաստակաւոր նախագահը Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, պիտի ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վերոյիշեալ հանդիսութիւններու։

Սրբազան Հայրը նշանակեց կարտինալ Ճիագոմօ Պիֆֆին՝ որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Սուրբ Անսելմի մահուան 9-րդ դարադարձի ոգեկոչումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ Աօսդա քաղաքը ապրիլ 19-26։








All the contents on this site are copyrighted ©.